image
Հրատապ լուրեր:

Վանեցի աղջիկը՝ Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

Վանեցի աղջիկը՝ Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

«Վանեցի աղջիկ» քանդակը Երեւանի մէջ տեղադրուած գեղեցիկ քանդակներէն մէկն է, որու քովէն  շատեր կ'անցնին ամէն օր՝ թերեւս առանց անդրադառնալու, որ քանդակը կը պատկերէ  վանեցի կնոջ կերպար:

Այն կը  գտնուի Աբովեան փողոցի եւ Սայաթ-Նովայի պողոտայի խաչմերուկէն քիչ մը վեր, տեղադրուած է 1975-ին։ Ընդգրկուած է Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։ Քանդակի հեղինակը քանդակագործ՝ ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Հռիփսիմէ Սիմոնեանն է: 

«Վանեցի աղջիկ»-ը պատրաստուած է հրակաւէ ու պազալթէ, բարձրութիւնը 2 մեթր է: 

Կանայք եւ աղջիկներ՝ Վանի մէջ, ունէին յատուկ հագուկապ, աւանդական կենցաղ եւ սովորոյթներ: 


 

Վանեցի կանայք

 

 

 

Հայուհի՝ Վանէն (Լուսանկարը՝ Մխիթարեան միաբանութենէն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

 


Վանեցի աղջիկներ, 1897թ.