image

Հօրս յուշերը (շար. 6). Պէյրութի գիշերային կեանքը

Հօրս յուշերը (շար. 6). Պէյրութի գիշերային կեանքը

Նախասիրած մարզաձեւերս էին բռնցքամարտն ու ըմբշամարտը, իսկ հերոսներս՝ Հրանդ Ղազարեանը, Ժագ Հայրապետեանը, Ֆրանսայէն ալ՝ Մարսէլ Սերտէնը, որ Էտիթ Փիաֆի նշանածն էր եւ յետագային զոհ պիտի դառնար օդանաւի արկածի մը:

Հրանդը կը խաղար Ֆարիտ Զէյտանին եւ Ատիպ Տըսուքիին դէմ:

Ըմբշամարտի կը հետեւէի, յատկապէս Էտմոն Զըհնիին, որ «Լիբանանի առիւծը» կ՚անուանուէր, Պութրոս Ղանէմին եւ Իսքէնտէր Տոպրիժին մրցոյթներուն: Այսպէս իրենց լուրերը կը սպասէի եւ փորձերուն ներկայ կը գտնուէի: Բայց երբ գիշերները սկսայ աշխատիլ, թերթ կ՚առնէի եւ այդպիսով մրցումներու արդիւնքներուն կը հետեւէի՝ հետաքրքրութեամբ:

Շրջան մըն ալ ձիարշաւի բռնուեցայ, որովհետեւ ճօքիները (ձիաւորները) գործատեղս կու գային ժամանակ անցնելու: Կը յիշեմ ֆրանսացի Րոժէն եւ անգլիացի Բիթըրը: Րոժէն անգլերէն չէր խօսեր, ոչ ալ Բիթըրը ֆրանսերէն, բայց անոնք կը հաղորդակցէին տարբեր լեզուով մը.. ետքը Քէյթիէն հասկցայ որ՝ կէյրէք էր, եւ այս Նորմանտիի ժողովուրդին բարբառն էր:

Ձիարշաւի թերթերուն՝ «Սիպաք ալխայլ»ին, «Հապպէթ ուամաալէշ»ին կ՚ուզէի հետեւիլ եւ կարդալ, բայց արաբերէնս տկար ըլլալուն համար կը դիմէի հաշուապահ գործընկերոջս՝ Րաֆիքին, որ արաբերէն լեզուի դաս տայ ինծի, եւ այսպոսով բաւական կը յառաջանայի լեզուին մէջ:

Հունգարացի յաճախորդ մըն ալ ունէինք՝ Րընէն, որ լիբանանցիի մը հետ ամուսնացած էր եւ Պէյրութ կ՚ապրէր: Ան անգլիական եւ իտալական ֆութպոլի «Լիթըլուոտ» եւ «Թօթօկաչիօ» լօթօ կը խաղցնէր:

Րընէն ճին թոնիք ըմբոշխնած ատեն կը խօսէր անգլիական խումբերուն մասին, բացատրելով իւրաքանչիւր փոքր մանրամասնութիւն, ինչպէս օրինակ՝ թիւ մէկը «Հօմ» կը նշանակէր, թիւ երկուն «Ըուէյ» եւ X-ը «տրօ»: Ան ծանօթացուց խումբերու եւ խաղերու արդիւնքները գուշակելու գաղտնիքներուն: 

Ֆրանսերէն «Էքիփ» ամսաթերթը կ՚առնէի եւ Քէյթիին օգնութեամբ կը կարդայի, եւ երբ կանուխ գործատեղս հասնէի, կը զբաղէի նշեալ թերթերը կարդալով:

Մեր շրջանը՝ Զէյթունէն, միշտ երուզերի մէջ էր եւ կ՚եռար դէպքերով եւ կռիւներով՝ յատկապէս գիշերները: Ծեծկռտուք, զէնքի խաղեր, ասոնք բոլորը առօրեայ բնական երեւոյթներ էին: Մեր յաճախորդները «Տակաութի» Պէյրութի յայտնի ընտանիքներուն զաւակներն էին, ինչպէս՝ Մըշմայսանի, Եամմութ, Իթաանի, որոնք յաճախ լարուած էին իրար հանդէպ:

Երբ գործիս ժամանակը աւարտէր եւ դուրս գայի, կը հանդիպէի արաբ լիբանանցի ծանօթներու, որոնք երբեմն այդքան ալ սիրալիր չէին եւ հաճոյք էր իրենց համար մեզի բարեւել «շու եա պասթըրմա» ըսելով, եւ անշուշտ իմ պատասխանս կայծակի պէս կը հարուածէր զիրենք եւ կ՚ըսէի՝ «անուն ունիմ, ինչպէս կ՚ըլլայ ես ալ քեզ անուանեմ շաուըրմա, կամ ֆալաֆէլ»: Որքան կը փափաքէի ընտելանալ եւ ինքնութեան հարցեր չունենալ, բայց միշտ մեր տարբերութիւնները ի յայտ կու գային եւ կը դժուարացնէին հաղորդակցութիւնը:

Ու այսպէս ժամանակը կը սահէր, մինչ ես կը սորվէի արհեստը, տիրապետելով տարբեր գիտելիքներու՝ կերուխումի, վառուելակերպի, նաեւ լեզուական դասերու կը հետեւէի եւ իմացական կեանքս կը զարգանար...

 

Նաթալի Քէնտիրճեան

(շար. 6)