image

ԱՄՆ-ն պէտք է փոխհատուցէ Իրանին.Արաքճի

ԱՄՆ-ն պէտք է փոխհատուցէ Իրանին.Արաքճի

Միացեալ Նահանգները պէտք է հատուցում կատարէ այն վնասին համար, որ Իրանը կրած է ամերիկեան զինեալ ուժերու վերջին յարձակումներու պատճառով։ Այս մասին Financial Times թերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։

«Անոնք պէտք է բացատրեն, թէ ինչու յարձակեցան մեր վրայ բանակցութիւններու ընթացքին, եւ պէտք է վստահեցնեն, որ ապագային պիտի չկրկնեն այդ քայլը։ Անոնք պէտք է հատուցեն պատճառած վնասին համար»,– ըսած է Արաքչին։

Ան նշած է, որ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններու հաւանականութիւնը կը պահպանուի, սակայն Թեհրանի մէջ շատեր կասկածանքով կը մօտենան Ամերիկայի դիւանագիտական նախաձեռնութիւններուն։

«Բանակցութիւն տանող ճամբան նեղ է, բայց ոչ անկարելի։ Ես պէտք է համոզեմ իմ ղեկավարութիւնը, որ եթէ բանակցութեան կ՚երթանք, ապա միւս կողմն ալ պէտք է մօտենայ իրական վճռակամութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ լուծման մը, որ երկու կողմին համար ալ ընդունելի պիտի ըլլայ։ Մենք իրենց կողմէ պէտք ունինք վստահութիւն ստեղծող իրական քայլերու»,– յայտարարած է Արաքչին։

Ան նաեւ շեշտած է, որ հակառակ վերջին յարձակումներուն՝ Թեհրանը պահպանած է ուրանի հարստացման իր կարողութիւնները։ «Շէնքեր կարելի է վերակառուցել։ Մեքենաներ կարելի է փոխարինել, որովհետեւ մենք ունինք համապատասխան արհեստագիտութիւն։ Մենք ունինք գիտնականներ ու մասնագէտներ, որոնք փորձառու են եւ աշխատած են մեր կառոյցներուն մէջ։ Բայց թէ երբ եւ ինչպէս պիտի վերսկսինք հարստացման աշխատանքները՝ կախեալ է ընդհանուր պայմաններէն»,– նշած է նախարարը։

Արաքչին անդրադարձած է նաեւ Եւրոպական երկիրներու հետ բանակցութիւններուն՝ ըսելով. «Եւրոպացիներուն հետ ներկայ փուլին բանակցելու որեւէ իմաստ չկայ, որովհետեւ անոնք չեն կրնար պատժամիջոցները վերացնել, անոնք ոչինչ կրնան ընել։ Եթէ անոնք գործածեն snapback-ի մեխանիզմը (խմբ.՝ որ կը նախատեսէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի պատժամիջոցներու վերականգնում), այդ իրենց համար ճամբու աւարտը պիտի ըլլայ»։