image

«Բոյլ մը մխիթարանքի աստղիկներ եւ քաղցրայուշ սիրոյ ցոլքեր» Հուրի Պեքմեզեան-Կիւտէշեանի յիշատակին

 «Բոյլ մը մխիթարանքի աստղիկներ եւ քաղցրայուշ սիրոյ ցոլքեր» Հուրի Պեքմեզեան-Կիւտէշեանի յիշատակին

Հինգ տարիներ առաջ մեզմէ առ յաւէտ հեռացաւ Հուրի Պեքմեզեան-Կիւտէշեանը։

Այս առթիւ կը հրապարակենք հանգուցեալի մտերիմներէն՝ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան այդ առթիւ խմբագրութեանս յղուած գրութիւնը։

Սիրելի ընկերուհիի մը յիշատակին, որուն բացակայութեան հինգ տարին աւարտեցաւ: 

Բարեբախտաբար երազներ կան, որոնք վշտահարին սիրտին վրայ քանի մը կաթիլ սփոփանքի ցօղ կը սփռեն...

Երկու կեանք, մէկ ճակատագիր 

Ընկերուհիս էր՝ երիտասարդ, բարի ու գեղեցիկ: Իր սրճագոյն, առատ ու երկար մազերուն մէջ, բնականէն ոսկեայ փունջ մը ունէր, որ յաւելեալ փայլք կու տար իր ժպիտին ու դրականութիւն արտացոլող խառնուածքին: 

Ամուր ֆիզիքական եւ մարզական կարողութեան տէր էր: Կողովագնդակի (basketball) մրցումներուն, իր անվրէպ գնդակները խիստ հաշուի կ՚առնուէին հակառակորդ խումբին կողմէն: Ինքնավստահ ու քաջ Հուրին ուր որ գտնուէր, եռանդ ու խինդ կը սփռէր:

Կը յիշեմ մեր վերադարձը Ժտէյտիի շուկայէն, երբ վարորդը սովորական ճամփայէն շեղեցաւ ու սկսաւ տհաճ կատակներով ձաբռտել ... : Ես սարսափած էի, իսկ Հուրին՝ ոչ: Վարորդին վրայ բարկանալէ աւելի իմ վրաս բարկացաւ ու ըսաւ. «ինքզինքդ ամուր պահէ՛ , ինչէ՞ն կը վախնաս, երկու հոգի ենք, թող համարձակի ... իր մուխը կը մարենք»:

Հուրին տանս մօտ գտնուող Սահակ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարէր, որպէս ուսուցչուհի։ Ան յաճախ կէսօրուան դադարը իմ տանս մէջ կ՚անցնէր: Ամուսնացած էր իր սիրելի Յարութին հետ եւ իր առջինեկը կը սպասէր: Երեխաներս Հուրիին ներկայութեան աւելի հաճոյքով կը ճաշէին, քանի, որ ան իր ախորժաբեր բացագանչութիւններով, ճաշին յաւելեալ համ ու հոտ կը բերէր: Հայրս իր ճաշը չէր ձեռներ, մինչեւ վստահ ըլլար, որ Հուրիին ճաշաբաժինը ապահով մէկ կողմ դրուած է:

Հուրիին ծնողքը եւ հօրաքրոջ ընտանիքը 1977 - էն մինչեւ օրս, մեր շատ մօտիկ բարեկամներն են: Յաճախակի ընտանեկան հաւաքներ կը կազմակերպէինք, որու ընթացքին Հայերէն երգերը, ասմունքը եւ ջերմ բարեկամական մթնոլորտը, կը մեղմացնէին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառած ծանրութիւնը։ Ամենադոյզն դժուարութեան պահին մէկս միւսին տան շեմին էինք: 

Կիրակի օրերը, իրենց յատուկ հաճոյքը եւ դրոշմը ունէին: Խմբային պտոյտներ կը կազմակերպէինք դէպի ծովեզերք, կամ լեռնային զբօսավայրեր: Իմ եւ Հուրիին համար, անգլերէն բառախաղը, (scrabble) մեծագոյն հաճոյքն էր: Կրնայինք ժամերով խաղալ մինչեւ, որ զաւակներուս զբաղեցնող հայրս, իր գանգատի խօսքը ըսէր. «Ա՛խ Սիլվա, Աստուած չընէ, որ բանի մը բռնուիս»:

1995-ի ամրան, Հուրին արդէն երկու հրաշալի մանչուկ ունէր՝ Արան ու Շահէն: Երիտասարդ Հուրիին համար, ամէն բան վարդագոյն ու բարի էր, մինչեւ որ ականատես դարձաւ անարդար ու սարսափելի պատահարին: Հւրիին եղբայրը՝ Յովիկը, իր երեսուներեք տարիներով, երկնային կապոյտ աչքերով ու բարի հոգիով երիտասարդը, անսալով ճակատագիրին անողոք կանչին, յանկարծակի հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին: 

Արդեօք կա՞յ միաւոր մը, որ չափէ հարազատի մը մահուան պատճառած վիշտը, տարողութիւնը եւ ծաւալը։ Հուրիին համար եղբօրը մահուան խայթը՝ անյաղթահարելի էր։ Ընկճախտը (depression) հարուածեց Հուրիին առողջութիւնը: Անցեալի կենսուրախ բնաւորութիւնը չքացաւ, մահուան ուրուականը ու սեւ սարսափը խլեցին անոր ներաշխարհին խաղաղութիւնը: 

Հուրին կամ ամուսինիս՝ Տօքթ. Կարոյին, դարմանատան մէջ էր, կամ իմ մօտս՝ մեր տան մէջ: Յաճախ պէտք էր Տօքթ. Կարօն իր սիրտը լսէր, կրկին ու կրկին հաստատելով ըսէր.« Հուրի, մի՛ վախնար, հրաշալի ամուր սիրտ ունիս. հաւատա՛, հիւանդ չես»: Նոյնպէս իմ բարեկամութիւնս, կարեկցանքս եւ սէրս իրեն հանդէպ, շատ բան կը մեղմացնէր: Պէտք չունէի շատախօսելու եւ սփոփանքի խօսքեր ըսելու: Կարեւորը ես իր կողքն էի ...:

Հուրին իր ընտանիքին ու հարազատներուն կողմէ ստացած հոգատարութեամբ եւ բժշկական միջամտութեամբ ժամանակ մը ետք կրցաւ ինքզինք «հաւաքել»: Լիբանանին օրէցօր անկում արձանագրող տնտեսական պայմանները պարտադրաբար ամրացուցին զինք: Իր համալսարանական վկայականին յարմարող պաշտօն մը ստանձնեց, յայտնի առեւտրական հաստատութեան մը մէջ։ Օրերը սահեցան ծանր ու միապաղաղ...: Լիբանանի անկայուն քաղաքական վիճակը ստիպեց, որ Յունուար 2015-ին, Հուրին իր ամուսնոյն ու զաւակներուն հետ գաղթեն դէպի Միացեալ Նահանգներ:

Աղջկաս՝ Շողակին, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի ըլլալը, կը մղէր մեզի, որ տարին գոնէ մէկ կամ երկու անգամ այցելենք իրեն եւ միեւնոյն ատեն տեսնուինք Հուրիին հետ: Ան անչա՜փ ուրախ էր իր նոր կեանքով, արդարօրէն գնահատուած աշխատանքով եւ վայելած քաղաքացիական իրաւունքներով: Հուրիին դէմքը կրկին կը փայլէր. վերադարձած էր նախկին ամուր ու ինքնավստահ Հուրիին կերպարը: Վերջապէ՜ս, ան ուրախ ապրելու իր արդար իրաւունքը վերագտած էր:

15 Յունուար, 2017- ին, մեր ամանորեայ աձակուրդը աւարտելով, ես ու ամուսինս Միացեալ Նահանգներէն վերադարձանք Պէյրութ, մեր կեանքին վիճակուած զառիթափը ապրելու..: Ամուսինիս յանգած կարծուած քաղցկեղը, զարթնած էր իր թմբիրէն, դառնալով աւելի յամառ ու վայրագ: Յիսունվեց քիմիական բուժումները (chemotherapy), իրենց պատճառած կողմնակի ժխտական ազդեցութիւններով, ութը վիրաբուժական միջամտութիւնները եւ ապաքինման դժուար շրջանները, մեզի անջատեցին աշխարհէն եւ հետեւաբար զրկեցին մեր Ամերիկաբնակ սիրելիներէն: 

Միտքիս մէջ Հուրին միշտ ուրախ էր: Զինք կը պատկերացնէի կապոյտ հագուստով...: Սակայն անողոք ճակատագիրը կրկին թակեց իր դուռը եւ իր սիրելի ամուսինը՝ Յարութը, արկածի մը պատճառով, մահաքունի մտաւ: Հուրիին ծնողքը Լիբանանէն Ամերիկա փութացին, որպէսզի հոգեկան նեցուկ ըլլային իրենց աղջկան ու ընտանիքին: Ամուսինիս համար շատ դժուար էր Հուրիին հօրմէն՝ իր երկարամեայ բարեկամէն բաժնուիլը, բայց անշուշտ Հուրին առաջնահերթութիւն էր...:

Չես գիտեր թէ փորձանքները ինչո՞ւ խումբերով կը հարուածեն մարդը եւ ինչո՞ւ նո՛յն զոհը յաճախակի թիրախ կը դառնայ, ճակատագիրի խաղերուն ...: Իմացանք, որ Հուրին մշտական հազ ունի եւ դեղերը չեն օգներ: Ամուսինս, որ յաճախ դրականութեամբ կը մօտենար հարցերուն, այս լուրով վրդովեցաւ...: Ինծի յաճախ Հուրիին մասին կը հարցնէր ու կ՚ըսէր.« իմ բժշկական բնազդս չի սխալիր, ներսս հանգիստ չէ...»: Չէի կրնար ըսել, որ բժիշկները Հուրիին համար, հազիւ քանի մը ամսուան կեանք նախատեսած են: Ունեցածը չորրորդ աստիճանի թոքի քաղցկեղ էր: 

Հուրին կը մերժէր հետս խօսիլ..., իսկ ես քաջ գիտէի, որ ըսելիքս ոչինչ պիտի փոխէր, կամ մեղմացնէր: Չէ որ Ամերիկայի բժիշկները, արդէն իսկ անողոք կնիքով կնքած էին Հուրիին մահավճիռը ու յոյսի ամէնէն վերջին նշոյլը խլած էին իրմէ: Պէյրութի մէջ բժիշկները աւելի մեղմ են եւ իրականութիւնը չեն «պոռար», նոյնիսկ մահամերձին հարազատները ժպիտ կը հագնին ու յոյսի արեւը չեն մարեր:

Ամուսինս կողքս կը տառապէր, իսկ Հուրին մղոններ անդին՝ ովկիանոսներու ետին: Կարծես մահավճիռները աստիճանաբար ու հերթով կ՚իրագործուէին…: Չեմ ուզեր նկարագրել ամուսինիս տառապանքը, ցաւերուն տարողութիւնն ու ահաւորութիւնը, իմանալով, որ նկարագրականս պիտի ըլլայ թերի...:

Ամուսինս մահացաւ գարնան , իսկ Հուրին ամրան: Երկու սիրելիներ ապրեցան միեւնոյն գողգոթան եւ իրենց ետին ձգեցին ցաւ ու մրմուռ: 

Հուրիին մահացած օրը Ամերիկայէն տաքրոջս աղջիկը՝ Մարալը, հեռաձայնեց ու տարեդարձս շնորհաւորեց: Ցաւոտ համընկնում էր՝ ծննդեան շնորհաւորանք եւ մահ: Մարալը անտեղեակ իմ վիշտէս, խանդավառութեամբ «Բարի տարեդարձ» երգեց, ապա իր տեսած երազը պատմեց: 

-Սիլվա , քեզի կը վստահեցնեմ, որ հօրեղբայրս շատ ուրախ է: Երազիս մէջ մեծ խումբով ճաշկերոյթի մը ներկայ էինք։ Բոլորս ուրախ տրամադրութեամբ, կատակեցինք, կերանք խմեցինք ու պարեցինք: Մեկնումի պահին հօրեղբայրս չուզեց ընկերակցիլ մեզի: Հակառակ պնդումներուս յամառեցաւ, ըսելով թէ, ինք իր տան մէջ շա՜տ ուրախ է եւ կ՚ուզէ իր տունը վերադառնալ: Պահ մը համաձայնեցայ, սակայն վրդովեցայ, երբ մեր կողքի սեղանին նստած, վարդագոյնով- մոխրագոյն հագուստ հագած երիտասարդ կնոջ ձեռքէն բռնեց եւ հետը տարաւ: Նեղացած ըսի. « Ամմօ՛ Կարօ, մեզի հետ մնալը մերժեցիր, բայց այդ տիկնոջ հետդ կը տանիս...»: 

-Մարա՛լ, ջան, ես այս տիկնոջ հետս կը տանիմ, քանի, որ ան հիւանդ է ու անտանելի ցաւեր ունի: Կ՚ոււզեմ իմ տունս գայ, որպէսզի ինծի նման ինք ալ հանգստանայ: 

Մարալին երազը եւ Հուրիին մահացած ժամը զարմանալի համընկնում մըն էր: Մարալին նկարագրած երիտասարդ տիկնոջ հագուստը եւ Հուրիին թաղման հագուստին գոյները կարող է նոյնպէս պարզ զուգադիպութիւն մըն էր...բայց Հուրիին սգաւոր ծնողքին եւ ինծի համար այս երազը սփոփանքի պատգամ մըն էր: Պատկերացնել երկու սիրելի ու հարազատ էակներ, կողք- կողքի եթերային խաղաղութեան մէջ, առանց ցաւի ու տառապանքի: Երազ մը, որ մեր այրած սիրտերուն վրայ կը սրսկէր քանի մը կաթիլ զովացնող ցօղ, բոյլ մը մխիթարանքի աստղիկներ եւ քաղցրայուշ սիրոյ ցոլքեր։