Գանատա ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի սեպտեմբերեան նստաշրջանի ընթացքին մտադիր է ճանչնալ Պաղեստինի պետութիւնը։ Այսպիսով, Ֆրանսայէն ու Մեծ Բրիտանիայէն ետք՝ Գանատան կը դառնայ «Մեծ Եօթնեակ»-ի երրորդ անդամը, որ կը կատարէ այսպիսի յայտարարութիւն։
Գանատայի վարչապետը նշած է, որ այդ քայլը կախում ունի ժողովրդավարական բարեփոխումներէն, որոնք կը ներառեն Պաղեստինեան Ինքնավարութեան կողմէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին ընտրութիւններու կազմակերպումը՝ առանց «Համաս»-ի մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի ապառազմականացումը։
Մարք Քարնիի համաձայն՝ այս որոշման հիմքը եղած է նաեւ Արեւմտեան ափին վրայ իսրայէլեան բնակավայրերու ընդլայնումը եւ Կազայի շրջանին մէջ մարդասիրական վիճակին վատթարացումը։
Բացի այդ, Գանատայի վարչապետը կոչ ըրած է «Համաս»-ին՝ ազատ արձակելու իսրայէլցի պատանդները՝ շեշտելով, որ այդ շարժումը «պէտք չէ որեւէ դեր խաղայ Պաղեստինի ապագայ իշխանութեան մէջ»։
Մարք Քարնին այս յայտարարութենէն առաջ հեռախօսային խօսակցութիւն ունեցած է Պաղեստինեան Ինքնավարութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Գանատայի այս քայլը՝ անոր մէջ տեսնելով «պարգեւ «Համաս»-ին» եւ ընդգծելով, որ այդ կը վնասէ Կազայի մէջ հրադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման ուղղուած ջանքերուն։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս դժգոհութիւն յայտնած է։ Ան նշած է, որ Գանատայի այս յայտարարութիւնը կրնայ լրջօրէն դժուարացնել անոնց հետ առեւտրական համաձայնագրի կնքումը։