Ճենիֆըր Լոփեսը Հայաստանի մէջ համերգով հանդէս պիտի գայ՝ Սնուփ Տոկի փոխարէն։
Կառավարութիւնը այսօրուան նիստին ընթացքին, չզեկուցուող հարցերու շարքին հաստատած է որոշումը, ըստ որուն՝ «Համաշխարհային աստղի հայաստանեան հիւրախաղեր» երաժշտական նախագիծին մէջ «Snoop Dogg» անունը փոխարինուեցաւ «Ճենիֆըր Լոփես»-ով։
Յիշեցնենք, որ կառավարութիւնը 2,318 միլիառ դրամ տրամադրած էր ռեփըր Սնուփ Տոկի համերգի կազմակերպման համար Երեւանի մէջ։ Համերգը նախատեսուած էր 2023 թուականի սեպտեմբեր 23-ին՝ «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ։ Շարունակաբար համերգը յետաձգուեցաւ 2024 թուականի, սակայն ի վերջոյ՝ չեղարկուեցաւ։