Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէութեան, օրերս տեղի ունեցած է Լիզպոնեան հերոսական արարքի եւ Խանասորի արշաւանքին նուիրուած յուշ-երեկոյ մը։
Ասոր մասին վերահասու դարձանք Կիպրոսի ՀՅԴ էջէն։
Ստորեւ այդ մասին տրուած լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ, 25 Յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 1983-ին Լիզպոնի մէջ նահատակուած հինգ քաջարի երիտասարդներու հոգիներուն համար: Արարողութեան նախագահեց Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան:
Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ. Հ.Ե.Մ. Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Խանասորի Արշաւանքի եւ Լիզպոնի գործունէութեան ոգեկոչումը: Գերշ. Սրբազան Հօր, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի կողքին ներկայ էին գաղութիս Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Մոմիկ Ա. Քհնյ. Հապէշեանը, ՀՅԴ Կիպրոսի շրջանի Կոմիտէութեան անդամներ եւ հայորդիներ:
Բացման խօսքը արտասանեց Ընկ. Արթօ Դաւիթեան, վեր առնելով ինչպէս Խանասորի հերոսներուն, նոյնպէս եւ Լիզպոնի տղոց սխրագործութիւնները:
Օրուան բանախօսն էր Ընկ. Ճորճ Արապաթլեան: Ան ըսաւ, որ թէեւ երկու դէպքերը իրարմէ 86 տարուան հեռաւորութիւն ունին, սակայն անոնց խորքը նոյնն է. «Երկուքն ալ տեղի ունեցան ազգային արժանապատուութիւնը փրկելու ի խնդիր: Երկուքն ալ հայուն պոռթկացող ձայնը եղան երկար լռութենէ ետք: Երկուքն ալ ուղղուած ըլլալով թշնամիին, աւելի շատ մեր՝ հայերուս յիշողութիւնը, ոգին վեր առնելու պարտականութիւնը կատարեցին՝ նորէն վստահելու մեր ուժին, նորէն հաւատալու մենք զմեզ: Երկուքն ալ յանկարծակիի բերին ինչպէս թշնամին, նոյնպէս ալ մեզ»,- ըսաւ ան: Ան յատկապէս անդրադարձաւ երկու գործողութեանց դաստիարակչական երեսին, ուր յստակօրէն կ'ընդգծուէին անձնազոհողութիւնը, հաւաքական մտածողութիւնն ու ազգային խանդավառութեան ստեղծումը:
Յետ բանախօսութեան Ընկ. Թորոս Փիլիպոսեան յուզական առոգանութեամբ ներկայացուց Յովհաննէս Շիրազի «Լիզպոնի Ողջակէզներին» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի հինգին մասին պատմող կարճ տեսանիւթ մը:
Աւարտին՝ հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց Գերշ. Սրբազան Հայրը: Ապա առաջնորդեց ներկայները երգելու «Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը» երգը եւ ոգեկոչումի երեկոն փակեց «Պահպանիչ» աղօթքով: