Լիբանանցի գեղանկարիչ, քանդակագործ եւ ճարտարապետ Նատիմ Քարամի «Երեք փիղեր» պողպատեայ քանդակախումբը Երեւանի Սիրահարներու այգիին մէջ բացուած է 2017-ի մայիսին, հեղինակի ներկայութեամբ։ Փիղերու արձանները՝ 0.9մ, 1.5մ եւ 3մ բարձրութիւններով, ձեռք բերուած են Պօղոսեան հիմնադրամի համաղեկավար, գեղանկարիչ եւ ճարտարապետ Ժան Պօղոսեանի նախաձեռնութեամբ ու միջոցներով։
Քանդակներու ծակոտկեն մակերեսներու հարուստ նախշերը գաղափարներու, երազներու, յուշեորու կաղապարներ են, որոնք ամէն մէկն ազատ է իւրովի լեցնելու (մեկնաբանելու)։ Քարամը հաւատացած է, որ քանդակները կենդանի օրկանիզմներ են, եւ որ արուեստը՝ քաղաքային միջավայրերուն ուժ ներարկելով, կրնայ վերհանել երազանքներ, արթնցնել յուշեր։
«Փիղերու ընտանիքի» ժամանակակից արձանախումբի բացման հեղինակը տեղացի լրագրողներուն իր համոզմունքը փոխանցելով նշած է, որ յիշողութեան արժէքը շատ լաւ իմացող հայերը կ'ըմբռնեն աւակարտիստական ոճի այս քոմփոզիցիան: Քանդակները Սիրահարներու այգիին մէջ իրարմէ քիչ մը հեռու՝ բլրակներու վրայ են: Նատիմ Քարամը սկիզբը փիղերը միասին կ'ուզէր տեղադրել, բայց այգիի տեղանքին ծանօթանալով, առանձին դիրքը ճիշդ համարեց. «Որովհետեւ սա Սիրահարներու այգի է, եւ այստեղ մարդիկ դեռ պիտի պահմտոցի խաղան, յետոյ նոր գտնեն իրար, սիրեն, ամուսնանան եւ զաւակներ ունենան»:
Պօղոսեան հիմնադրամ
Լուսանկարները՝ Սուրէն Մանուէլեանի