Այսօր Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանցի տաղանդաւոր արուեստագէտ, երաժիշտ եւ յօրինող Զիատ Ասի Ռահպանին։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք անոր կենսագրական հակիրճ տուեալները։
Զիատ Ռահպանի ծնած էր 1 յունուար 1956 թուականին Պէյրութամերձ՝ Անթիլիաս շրջանին մէջ։
Զիատ հասակ առած էր Լիբանանի արդիական երգի հիմնադիր հանդիսացող Ասի Ռահպանիի եւ անոր կողակից՝ արաբական աշխարհի անկրկնելի «Տիւա» հանդիսացող Ֆայրուզի յարկին ներքոյ։
Զիատ Ռահպանի կը համարուի լիբանանեան արուեստի ամենաակնառու դէմքերէն մին, որ միեւնոյն ժամանակ կը համատեղէր երաժշտական հանճարն ու ու առաջադէմ թատերական եւ քաղաքական միտքը։ Ռահպանի, որ սուր քննադատութեան վարպետ էր, անդրադարձած է ինքնութեան, քաղաքականութեան եւ դիմադրութեան հիմնահարցերուն։
Անոր առաջին ստեղծագործութիւնները երեւան եկած են, երբ Ռահպանի 12 տարեկան էր... եւ խորքին մէջ այդ գործերն էին, որ հետագային կը դառնային հիմքը այն թատերական գործերուն, որոնք կը կազմէին լիբանանեան արդի թատորի հիմնական ատաղձը։
Ռահպանէի բեմադրած թատերական գործերէն հարկ է յիշել «Սահրիէ»ն (1973), «Նազըլ ալ-Սուրուր»ը (1974), «Պըլնըսպի լապուքրա շու» (1978), «Ֆիլմ Ամրիքի Թաուիլ » (1980), «Շի Ֆաշէլ» (1983) և վերջապես «Բիխսուս Ալ-Քարամա ուալ -Շաբ ալ-Անիտ»ը (1993)։ Ռահպանի նաեւ աշխոյժ ռադիոլրագրող էր։ Կաշխատակցէր «Ալ-Նիդա», «Ան-Նահար» եւ «Ալ-Ախպար»-ի, ու նաեւ կը վարէր երգիծական հաղորդումներ, որոնք «լոյսի տակ» կ՚առնէի ն երկրի քաղաքական կեանքն ու հատարած երեւոյթ դարձած կաշառակերութիւնը։
Քաղաքական առումով Ռահպանի յայտնի էր իր ձախակողմեան դիրքորոշումներով և Լիբանանի համայնավար կուսակցութեան հետ իր կապով, եւ այդ ուղղութեան մէջ իր նեցուկը կ՚արտայայտէր Լիբանանի դիմադրութեան եւ երկրի հարաւի բնակիչներուն եւ անշուշտ պաղեստինցի ժողովուրդին։