image

Թուրքիոյ Հետ Հայաստանի Անտեղի Բանակցութիւններուն Որոգայթները

Թուրքիոյ  Հետ  Հայաստանի Անտեղի  Բանակցութիւններուն  Որոգայթները

Ես  պիտի փորձեմ համապարփակ վերլուծում մը կատարել՝ 14 Յունուար 2022ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ»ու մասին։ Հայաստան կրնայ դարձեալ տապալել այս բանակցութիւնները․․․

- Նախ, Հայաստան կարիք չունի Թուրքիոյ հետ բանակցելու, սահմանի բացման շուրջ։ Նման բանակցութիւններ տեղի  ունեցած են  1991ին, Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք, երբ Հայաստան  եւ Թուրքիա բացին իրենց ընդհանուր սահմանը, մինչեւ որ Թուրքիա, 1993ին, զայն իր կողմէ փակեց։ Քանի որ Թուրքիա միակողմանի փակած  է  Հայաստանի հետ սահմանը, այժմ զայն կրնայ միակողմանի վերաբանալ։ Ես մտավախութիւն ունիմ, որ նման անտեղի բանակցութիւններ վարելու Թուրքիոյ մտադրութիւնը, իրականութեան մէջ ուղղուած է Հայաստանէն զիջումներ կորզելու նպատակին։

- 2020ի պատերազմին հսկայական կորուստներ  կրելէ ետք, Հայաստանի պարտուած ղեկավարը  պիտի բանակցի՝ մեկնած  թոյլ  դիրքերէ։ Ջախջախուած  ղեկավարը  չի կրնար ունենալ մտաւոր ու բարոյական ուժ՝ այդքան խնդրայարոյց ու նենգ թշնամիի մը հետ պատշաճ բանակցութիւններ վարելու համար։ Հայաստանի մէջ առաջին հերթին պէտք է իշխանութեան գան նոր  ղեկավարներ, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային քննարկումները սկսին ոչ պարտուողական դիրքերէ։

- Հայաստանի համար գոյութիւն ունի  կարեւոր  հիմնախնդիր. այն, որ  Հայաստան պիտի կարգաւորէ իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ,  երկիր մը, որ 1915ին ցեղասպանութիւն իրականացուցած է՝ սպաննելով 1․5 միլիոն հայեր։ Մէկ դար ետք, Թուրքիա դեռ կը ստէ իր զանգուածային յանցագործութիւններուն մասին եւ կը հերքէ զանոնք: Չզղջացող ցեղասպանը չի կրնար վստահելի կողմ ըլլալ, որուն հետ կարելի ըլլայ բարեխղճօրէն բանակցիլ:

- Ի լրումն անցեալի իր յանցագործութիւններուն, Թուրքիա  վայրենաբար մասնակցած է հայերու  մէկ նոր կոտորածին՝  2020ի արցախեան պատերազմին սպաննելով եւ վիրաւորելով հազարաւոր հայ  երիտասարդ զինուորներ։ Ասիկա կարծես քիչ ըլլար, Թուրքիա նաեւ հաւաքագրեց ճիհատիսթ ահաբեկիչներ Սուրիայէն եւ կազմակերպեց անոնց տեղափոխումը Ատրպէյճան, պատերազմի ընթացքին:  Հայաստանի վարչապետը ինչպէ՞ս կրնայ  բանակցութիւններ վարել  կրկնակի  թշնամանքով  տոգորուած  այսպիսի ոսոխի մը հետ։ Պարզապէս պատկերացուցէք, որ  յանկարծ  Գերմանիա՝ վեց միլիոն հրեաներու դէմ ցեղասպանութիւն իրականացուցած երկիրը, յարձակէր այսօրուան Իսրայէլին վրայ եւ սպաննէր  հազարաւոր իսրայէլացիներ։ Ի՞նչ կը կարծէք, Իսրայէլի ղեկավարները պիտի նստէի՞ն այսօրուան գերմանացի  ղեկավարներուն  հետ եւ  պիտի բանակցէի՞ն անոնց հետ, կարծես բան չէ պատահած: Աշխարհի իւրաքանչիւր հրեայ շատ պիտի վրդովուէր նման հեռանկարէ մը: Հայաստանի  ղեկավարները կարծես թէ մոռացութեան մատնած են Թուրքիոյ անցեալի եւ ներկայի  յանցագործութիւնները։ Անոնք աւելի քան ուրախ են՝ անհոգութեամբ բանակցութիւններ վարելու առումով,  Անգարայի  յանցագործներուն հետ: Եթէ Հայաստանի ղեկավարները պիտի չպաշտպանեն  իրենց  ժողովուրդին  իրաւունքները, ապա ինչպէ՞ս կրնան ակնկալել, որ դուրսէն աւելի շատ հոգ տարուի Հայաստանի, քան պիտի ընէին իրենք՝ ներսէն:

- Վարչապետ Փաշինեան իշխանութեան եկաւ՝ մերժելով նախկին  նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը՝ «Մերժիր Սերժին»  կարգախօսով։ Այս պարագային ինչո՞ւ Փաշինեան կը կրկնօրինակէ  Սարգսեանի  սխալ  քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հետ։  Հայաստանի մէջ  եւ Հայաստանէն դուրս գտնուող հայերը զայրացած էին նախորդ  նախագահէն՝ 2009ի հայ-թրքական չարաբաստիկ  արձանագրութիւններուն պատճառով: Այնպէս կ՛երեւի, որ Փաշինեան բան չէ սորված այդ անյաջող փորձէն։

- «Բանակցութիւններ առանց նախապայմաններու»․ ասիկա սովորական նշանախօսքն է, զոր կը  կրկնեն Հայաստանի նախկին եւ ներկայ ղեկավարները։ Բայց իրողութիւնը այն է, որ ոչ թէ  Հայաստանը նախապայմաններ կը  դնէ Թուրքիոյ առջեւ, այլ Թուրքիան է, որ  նախապայմաններ առաջ կը քաշէ։ 2009ի Արձանագրութիւններուն շուրջ բանակցութիւններու օրերուն Թուրքիա յայտարարեց, որ որեւէ նախապայման չունի, այսուամենայնիւ, քանի մը թրքական նախապայմաններ յայտնուեցան համաձայնագրին մէջ։ Նախագահ Էրտողանի  խօսնակ Իպրահիմ Քալին հաստատեց հայկական կողմի  այս  մտահոգութիւնները, երբ Դեկտեմբերի վերջը, Շիքակօ իր այցելութեան ատեն ըսաւ. «Մենք կը փափաքինք, որ սահմանը բացուի, եւ  դիւանագիտական յարաբերութիւններ սկսին։ Ասոր համար պէտք է լրացուին որոշ պայմաններ, եւ որոշ հարցերու շուրջ պէտք է բանակցինք»։

- Արձանագրութիւնները տապալեցան 2009ին, որովհետեւ Ատրպէյճան դէմ էր Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ սահմանի բացման։ Ասիկա օգնեց՝ փրկելու Հայաստանի շահերը, զորս պէտք է պաշտպանէր ոչ թէ Ատրպէյճանը, այլ՝ Հայաստանի՛ նախագահը․․․:  Ներկայիս բանակցութիւնները նոյնպէս կրնան ձախողիլ, եթէ Փաշինեան պատրաստ չէ  զիջելու այն, ինչ որ կը խնդրէ Էրտողան։ Թուրքիա  հիմա Հայաստանէն կը պահանջէ ընդունիլ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ստորագրելով հաշտութեան պայմանագիր՝  այսպիսով վերջնականապէս հրաժարելով Արցախէն եւ Նախիջեւանէն եւ  թոյլ տալով՝ «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուածի իրականացման, որ ոչ թէ պարզ ճամբայ է, այլ Արեւելեան Ատրպէյճանը  Նախիջեւանին կապող անցք է։  Ի վերջոյ, եթէ Թուրքիա նախապայմաններով  հանդէս գայ  բանակցութեան սեղանի շուրջ, ուրեմն Հայաստան պէտք է որ պատրաստ ըլլայ հեռանալու կամ հակազդելու անոր իր նախապայմաններով՝ Հայոց  Ցեղասպանութեան ճանաչում, հայկական կորուստներու հատուցում եւ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի վերադարձ։

- Նախքան 2009ի հայ-թրքական արձանագրութիւններուն  ստորագրումը, նախագահ Սարգսեան կէս-կատար փորձ ըրաւ այցելելու Սփիւռքի քանի մը համայնքներ՝ իբր թէ լսելու համար անոնց տեսակէտները։ Փաշինեան այսպիսի փորձ չէ ըրած։ Սփիււռքէն ոչ ոքի հետ խորհրդակցած է։ Փաշինեան պէտք է գիտակցի, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները համահայկական խնդիր են,  այլ  ոչ   թէ  Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական հարց։  Ան պէտք է հաշուի առնէ Սփիւռքի տեսակէտները, նոյնիսկ եթէ ինքն է վերջնական  որոշում կայացնողը։ Աւելին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ  Չաւուշօղլու վերջերս յայտարարեց, որ հայկական Սփիւռքի  «ծայրայեղական խմբաւորումները  պէտք չէ ճնշում գործադրեն  Երեւանի վրայ»՝ խաթարելու համար հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Ի յաւելումն, Էրտողանի խօսնակ Քալին վերջերս Շիքակոյի մէջ ըսաւ. «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ  գործընթացը կ՛ոչնչացնէ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը»: Այսպիսի յայտարարութիւն տհաճ միջամտութիւն մըն է ներհայկական  գործերու մէջ։  Թուրք պաշտօնեաներու անհիմն յայտարարութիւնները  պէտք է  դրդեն  ողջ հայութիւնը՝ մերժելու անոնց անընդունելի միջամտութիւնը։

- Հայաստանի անունով բանակցութիւններ վարող անձին որակաւորումը չափազանց կարեւոր է։ Էրտողան Թուրքիոյ  կողմէ  բանագնաց  նշանակած է փորձառու դիւանագէտ, ԱՄՆի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան եւ Ցեղասպանութիւնը ժխտող տխրահռչակ Սերտար Քըլըճի։ Միւս կողմէ, Փաշինեան, իր այլ բազմաթիւ  անորակ  նշանակումներուն համահունչ,  նշանակեց Ռուբէն Ռուբինեանը՝ երիտասարդ նորելուկ մը՝  դիւանագիտական  զերօ փորձով։ Անոր  հանրածանօթութեան մասին  միակ պնդումը այն է, որ Փաշինեանի  կուսակցութեան անդամ է եւ Հայաստանի  խորհրդարանի  փոխ նախագահը։  Զարմանալի է,  որ Ռուբինեանի որակաւորման մասին հարցերուն ի պատասխան,  Փաշինեան եւ անոր քաղաքական գործընկերները կը պնդէին, որ Ռուբինեանի կուսակցական պատկանելութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան անոր անփորձութիւնը՝ ատով իսկ իրենց կուսակցական շահերը վեր դասելով ազգային շահերէ։ Այսպիսով, գալիք բանակցութիւններու արդիւնքը աւելի քան պարզ է, քանի որ գայլը  պիտի յայտնուի գառնուկին հետ դէմ առ դէմ․․․: Պէտք են աւելի գիտակ եւ փորձառու հայ  դիւանագէտներ,  կարենալ վարելու համար  այսպիսի  զգայուն  բանակցութիւններ։

- Փաշինեան կը շարունակէ հպարտութեամբ կրկնել, որ Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի  ղեկավարները կ՛աջակցին իրեն՝ Թուրքիոյ հետ բանակցելու իր ծրագրերուն մէջ։ Չմոռնանք, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա  նո՛յնպէս կ՛աջակցին այս նախաձեռնութեան։ Այս բոլոր երկիրները ուղղակիօրէն առաջ կը տանին իրե՛նց շահերը, այլ ոչ թէ Հայաստանինները:

- Վերջապէս, Փաշինեանի կողմէ հայ-թրքական սահմանի բացման  իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի համար տնտեսական շահերու մասին շատ  տարածուած  պնդումը  կասկածելի ակնկալիք է։ Արդէն, առանց  սահմանը  բանալու, թրքական արտադրանքը հեղեղած է հայկական շուկան։ Սահմանին բացումը պիտի նշանակէ, որ թրքական աժան ապրանքները  պիտի կործանեն Հայաստանի ներքին արտադրութիւնը։ Թիւով քիչ բնակչութիւն ունեցող փոքրիկ երկիրը չի կրնար մրցիլ թրքական արտադրանքին հետ, որ կ՛օգտուի «մեծածաւալ տնտեսութեան» առաւելութենէն (աւելի մեծ ծաւալ՝ աւելի նուազ գինով): Իրավիճակը աւելի վատթարացնելով՝ Փաշինեան պարզապէս մէկդի նետեց  Հայաստանի միակ սակարկութիւններու առարկան՝ ջնջել տալով  թրքական ապրանքներու ներմուծման ժամանակաւոր արգելքը, այսպիսով Հայաստանը զրկելով տուեալ բանակցութիւններու մէջ իր գործածելիք յաղթաթուղթէն։

Թուրքիա, չքաւոր երկիր մը՝ քայքայուող տնտեսութեամբ, լիրայի տապալմամբ, 12 տոկոս գործազրկութեամբ, 36 տոկոս գնաճով եւ  մոլեգնող թագաժահրով (աշխարհի մէջ վարակուածներու շարքին 7րդը), յուսահատօրէն  կը փափաքի բարելաւել իր ներքին անմխիթար վիճակը  եւ շտկել իր խզուած կապերը  Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Իսրայէլի, Սէուտական Արաբիոյ,  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  եւ Եգիպտոսի հետ։ Խելամիտ  հայ բանագնացը, գիտակցելով Թուրքիոյ՝ աշխարհի  վրայ տպաւորութիւն թողելու ձգտումին մասին, պէտք է փորձէ իր երկրին համար աւելի  բարենպաստ պայմաններ կորզել, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար:

Ոչ ոք դէմ է Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն, այնքան ատեն, որ Հայաստանը ներկայացնող բանագնացը հմուտ անձնաւորութիւն է, որ կրնայ օգուտ բերել Հայաստանի շահերուն։

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...