image

«Թուրքիան կը շարունակէ խաթարել տարածաշրջանի կայունութիւնը»Եգիպտացի գործիչ Այման Աքիլ

«Թուրքիան  կը շարունակէ  խաթարել   տարածաշրջանի  կայունութիւնը»Եգիպտացի  գործիչ Այման Աքիլ

Օրերս   հայանպաստ  եւ   Անգարայի  գործունէութեան մասին բաւականին  խիստ գնահատականներ  տուած  է    Եգիպտացի քաղաքական  գործիչ՝  Այման Աքիլ։

Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն  քաղեց  եգիպտական՝ Akhbar Alyom  կայքէն։

Աքիլ,որ կը վարէ  մարդու իրաւունքներու «Մաէթ» հաստատութեան տնօրէնի պաշտօն   նշած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան  մէջ Թուրքիոյ միջնորդութեան պատճառաւ, Հայաստան  կրած է  մեծ  հարուածներ, եւ տուած    հազարաւոր զոհեր:  Ան  նաեւ  նշած է, թե ակնյայտ է, որ Թուրքիա մեծաթիւ  վարձկան զինեալներ  Սուրիայէն Ատրպէյճան  փոխադրած է,  եւ զանոնք մղած ոճիրներ կիրառելու հայ ժողովուրդի  դէմ։

Աքիլ կը նշէ, որ ըստ դիտորդներու տուեալներուն, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ընթացքին, 1000 վարձկան զինեալներ, որոնք կ'աշխատին ի շահ թրքական անվտանգութեան ընկերութեան հասած են Ղարաբաղի մերձ տարածքներ  եւ ապա  կռուած հայերուն  դէմ։ Ան  մասնաւորապէս ըսած  է «Անոնք գործած են հակամարդկային արարքներ եւ պատերազմի յանցագործութիւններ: Նոյնիսկ Եւրոպական Խորհուրդը հաստատած է այդ մէկը իր զեկոյցով, ուր նաեւ շեշտած է, թէ Թուրքիան չ'ուզեր տարածաշրջանի կայունութիւնը»

Աքիլ նաեւ ըսած  է,  որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները միշտ լարուած եղած են, սակայն սրացած 1994 թուականէն ետք:  Ըստ եգիպտացի  մտաւորականին, Թուրքիան յստակ ծրագիր ունի կրկին վերահաստատելու օսմանեան իշխանութիւնը տարածաշրջանէն ներս: «Թուրքիա սկսած է իրականացնել իր  ծաւալապաշտական   ծրագիրները,  միջամտելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան մէջ։ Ներկայիս  յաճախակի յայտարարութիւններով Թուրքիան կը սպառնայ հայկական կողմին, իսկ զօրավարժութիւնները,  որ ան  կը կատարէ Հայաստանեան սահմանի մօտակայքը, պարզապէս հայ ժողովուրդը վախցնելու միջոցներ են, եւ ոտնահարում անոր ապահով ու անվտանգ ապրելու  հիմնական իրաւունքին»,-ըսած է  Աքիլ։