image

Թուրք Ծայրայեղականներ Այսօր Դարձեալ Ցոյցեր Պիտի Ընեն Պոլսոյ Մէջ (Լուսանկար)

Թուրք Ծայրայեղականներ   Այսօր   Դարձեալ  Ցոյցեր Պիտի Ընեն Պոլսոյ Մէջ   (Լուսանկար)

Թուրքիա-   «Արեւելք»ի   Պոլսոյ  աղբիւրներէն    կ'իմանանք, որ  թուրք ազգայնականներ  այսօր ցոյցեր պիտի   ընեն  քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ:   Մեր աղբիւրը նաեւ  նշէ,  որ       նոյնօրինակ  հաւաք մը նախատեսուած է    Ֆէրիքէօյ  հայաբնակ  շրջանին մէջ:   Նշենք, որ  ցոյցին  առընթեր շրջանին մէջ այսօր   թռուցիկներ  բաժնուած են:   Թռուցիկները կը կրեն  «Ֆէրիքէօյի Երիտասարդներ»  ստորագրութիւնը: Նշենք, որ   ցոյցերուն հիմնական  նպատակը  PKK -ի դէմ  վանկարկումներ   կատարելն է, բայց զարմանալին  այն է, որ այդ շրջանը ամբողջութեամբ     հայկական շրջան մը եւ  նմանօրինակ ցոյցի մը այս հանգրուանին   կազմակերպումը  դուռ կը բանայ կարեւոր հարցականներու:  Նշենք, որ      թրքական դրօշներով նկարը առնուած է այսօր    Սուլթան Պայազիտ  փակ շուկայի    շրջանին մէջ: