image

Պետական ծանուցումներու հիմնարկէն օգնութիւն՝ փոքրամասնական մամուլին

Պետական ծանուցումներու հիմնարկէն օգնութիւն՝ փոքրամասնական մամուլին

Թուրքիոյ մէջ, Պետական ծանուցումներու հիմնարկը որոշած է 396 հազար լիրայի օգնութիւն կատարել փոքրամասնական մամուլին։ Օգնութենէն բաժին պիտի ստանան այն թերթերը, որոնք կը ծառայեն Լոզանի հաշտութեան պայմանագրով սահմանուած փոքրամասնական հաւաքականութեանց։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պետական ծանուցումներու հիմնարկը 20 Փետրուար 2025ի ընդհանուր ժողովի ընթացքին որոշեց ընդհանուր գումարով 396 հազար լիրայի օգնութիւն կատարել փոքրամասնական մամուլին։ Օգնութենէն բաժին պիտի ստանան այն թերթերը, որոնք կը ծառայեն Լոզանի հաշտութեան պայմանագրով սահմանուած փոքրամասնական հաւաքականութեանց։

Պետական ծանուցումներու հիմնարկը վերջին տարիներուն դրամական օգնութեան ա՛յս տարբերակը ընտրած է, պաշտօնական ծանուցումներու բացակայութեան հետեւանքով ծնունդ առած վնասները հաւասարակշռելու համար։

Տարին անգամ մը խորհրդանշական օգնութիւն կը յատկացուի փոքրամասնական մամուլին, որ ընդհատուած էր մէկ-երկու անգամ՝ համավարակի շրջանին ու 6 Փետրուար 2023ի երկրաշարժի պատճառով։

Անոնք, որոնք կը փափաքին օգտուիլ այս օգնութենէն, մինչեւ 14 Մարտ 2025 համապատասխան խնդրագիրը պիտի յղեն վերոյիշեալ հիմնարկին։