Իրանի ռազմական գործողութիւնները աւարտած են առաւօտեան ժամը 04:00-ին, X-ի էջին գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին:
Աւելի վաղ ան գրած էր. «Մեր զինուած ուժերու ռազմական գործողութիւններն Իսրայէլի յարձակումը պատժելու համար շարունակուած են մինչեւ վերջին վայրկեանը՝ առաւօտեան ժամը 4։00-ը:
Այս պահու դրութեամբ որեւէ «համաձայնութիւն» չկայ հրադադարի կամ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ։ Այնուամենայնիւ, եթէ Իսրայէլը դադրեցնէ իր անօրինական յարձակումը Իրանի ժողովուրդի դէմ ոչ ուշ, քան Թեհրանի ժամանակով ժամը 4-ը, մենք մտադրութիւն չունինք շարունակելու մեր պատասխանը ատկէ ետք»: