Իրանը առնուազն 6 պալիսթիք հրթիռ արձակած է Քաթարի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով պայթումներ լսուած են Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ: Այս մասին յայտնած է Reuters լրատուական գործակալութիւնը։
Թեհրան սկսած է «Պաշարաթ ալ-Ֆաթահ» գործողութիւնը, յայտնած է իրանեան պետական հեռուստատեսութիւնը։ Գործողութիւնն ուղղուած է Քաթարի, Պահրէյնի եւ Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան խարիսխներուն, յայտնած է Tasnim գործակալութիւնը։
Պահրէյնի մէջ Իրանի հարուածները եղած են այն շրջանին մէջ, ուր տեղակայուած է ԱՄՆ հինգերորդ նաւատորմի շտաբը։
Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմաօդային կայանը բերուած է բարձր պատրաստուածութեան, անձնակազմին հրահանգուած է պատսպարուիլ թաքստոցներուն մէջ։
Քաթարէն ետք իր օդային տարածքը փակած է նաեւ ԱՄԷ-ն։
Axios-ը գրած է, որ իրանեան հնարաւոր հարուածի հետեւանքները, յատկապէս եթէ ամերիկացիներու շարքերէն զոհեր ըլլան, կրնան բեկումնային ըլլալ այս հակամարտութեան մէջ։
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ շտապ կերպով իր ազգային անվտանգութեան խումբի նիստ հրաւիրած է: Fox News-ի հաղորդմամբ՝ Սպիտակ տունը կը դիտարկէ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ռազմական կառոյցներու վրայ ուղղակի յարձակման հնարաւորութիւնը։
Reuters-ի հաղորդմամբ՝ Իրանի մէջ քաղաքական աղբիւրը յայտնած է, որ ԱՄՆ խարիսխներու վրայ յարձակումը կրնայ տեղի ունենալ առաջիկայ ժամերուն։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Քաթարի Ալ Ուտէյտ օդուժի ռազմակայանին՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի ամենամեծ ռազմական կայանին:
Ալ Ուտէյտ ռազմակայանը առանցքային դեր կը խաղայ ԱՄՆ-ի կեդրոնական հրամանատարութեան (CENTCOM) գործողութիւններուն մէջ եւ կ՚օգտագործուի ԱՄՆ-ի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Քաթարի օդային ուժերու կողմէ: