Սպանական 7Caníbales կասթրոնոմիք ամսագրի էջերուն մէջ հրապարակուած է Ճորտի Լուգէի «El renacimiento de los vinos de Armenia» («Հայկական գինիներու վերածնունդը») յօդուածը։ Այս նիւթով Gourmand Award 2023-ի դափնեկիր յայտնի լրագրող եւ գրողը կը խօսի Հայաստանի՝ համաշխարհային գինիի քարտէսի վրայ վերադարձին մասին եւ կը բաժնեկցի տեղի գինեգործներուն հետ հանդիպումներէն ստացած տպաւորութիւնները։
Հեղինակը խօսած է սոմելյէ Մարիամ Սաղաթելեանի հետ, որ օգնած է իրեն աւելի լաւ հասկնալու հայկական գինեգործութեան հարուստ, բայց բարդ պատմութիւնը։ Տասներկու տարի առաջ ան Երեւանի կեդրոնին վրայ հիմնած էր In Vino ըմպելարանը, ուր ներկայացուած էին երկրի բոլոր գինեգործական շրջաններու գինիներու բազմազանութիւնը: Մարիամ, Լուգէի հետ զրոյցի ընթացքին կը նշէ, թէ որքան դժուար էր գինեգործութեան մշակոյթը վերակենդանացնել խորհրդային տարիներէն ետք, երբ Հայաստանի մէջ գերիշխողը գոնեաքի արտադրութիւնն էր, իսկ գինեգործութիւնը անկում կ’արձանագրէր։ Այս մէկը ըստ իրեն, խորհրդային ժառանգութեան հետեւանքն էր, երբ Հայաստան կ’ընկալուէր բացառապէս որպէս թունդ ըմպելիքներ արտադրող։
Լուգէն հանգամանօրէն կը խօսի հայկական գինեգործութեան վերածնունդին մասին, որու արմատները կու գան դարեր առաջ։ Ան կը նշէ Արենիի քարանձաւի գտածոները, ուր յայտնաբերուած են գինիի արտադրութեան հետքեր, որոնք կը թուագրուին աւելի քան 6000 տարի առաջ։ Վայոց ձորի մարզին մէջ գտնուող այս քարանձավը մինչեւ օրս կը մնայ գինեգործութեան հնագոյն աւանդոյթներու խորհրդանիշը։
Յայտնաբերուած խաղողի ծննդական վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ անոր այլատեսակը նոյնական է ժամանակակից Արենիին, որ այսօր ալ կ’օգտագործուի արտադրութեան մէջ։
Վայոց ձորը՝ իր հրաբխային հողերով եւ բարձր լեռնային խաղողի այգիներով, հեղինակը կը համարէ ժամանակակից հայկական գինեգործութեան առանցքային շրջաններէն մէկը։ Ան կը կարեւորէ Trinity Canyon Vineyards գինեգործարանը եւ ուշադրութեան կը հրաւիրէ Տուշպա գինեգործարանը, որ կ’արտադրէ փրփրուն տնային գինիներ Լալվարիի, Բանանցի եւ Տոսոտի բնիկ այլատեսակներէն: Լուգէն այս փրփրուն գինիները կը նկարագրէ որպէս թարմ, վառ եւ կենսուժով լեցուն: Ան հայկական գինեգործութեան հերթական մարգարիտ կը համարէ «Զուլալ» գինեգործարանը, որ կ’աշխատի Կարմիր կոտի նման հազուագիւտ այլատեսակներու հետ։ 2018 թուականին Զուլալը թողարկեց այս այլատեսակներու առաջին գինին, որ, ըստ հեղինակին,կը յատկանշուի վառ թթուայնութեամբ եւ կենսունակ միրգերով։
Լուգէն կը շեշտէ, որ չնայած խորհրդային տարիներուն գինեգործութեան աւանդոյթներու խախտումին, այսօր Հայաստան վստահօրէն կը վերադառնայ իր ակունքներուն։ Գինեգործներու երիտասարդ սերունդը, ինչպէս Գառլեն Մանասերեանը՝ Տուշպայէն, կամ Էմի Քեուշգերեանը՝ Զուլալէն, կը համատեղեն հնագոյն մեթոտները եւ նորարարական մօտեցումները՝ ստեղծելով եզակի գինիներ, որոնք կարող են զարմացնել նոյնիսկ հմուտ գինիի գիտակները:
«Հայկական գինիներու վերածնունդը պատմութիւն է, որ պէտք է պատմել եւ դիտել»,-կը գրէ Ճորտի Լուգէն՝ հրաւիրելով 7Caníbales-ի ընթերցողներուն բացայայտելու այս հնագոյն եւ, միեւնոյն ժամանակ, տինամիք կերպով զարգացող գինեգործական երկիրը։