image

Իսրայէլ կը մեղադրէ Իրանը հրադադարի խախտման մէջ, Թեհրան կը հերքէ

Իսրայէլ կը մեղադրէ Իրանը հրադադարի խախտման մէջ, Թեհրան կը հերքէ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Թեհրանը մեղադրած է հրադադարի խախտման մէջ եւ յայտարարած, որ հրամայած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին «ուժեղ արձագանգել Իրանի կողմէ հրադադարի խախտման՝ Թեհրանի սրտին մէջ ռեժիմի թիրախներու դէմ բուռն հարուածներով»։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է BBC-ն։

Աւելի վաղ Իսրայէլի բանակը յայտնած է, որ Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուած է մէկ հրթիռ, որ իրենք որսացած են։

Իր հերթին, իրանեան պետական ​​IRIB հեռուստաալիքը յայտնած , որ Թեհրանը որեւէ նոր հրթիռ չէ արձակած Իսրայէլի ուղղութեամբ՝ հերքելով հրադադարի խախտման մասին պնդումները։

«Իրանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու ուղղութեամբ հրթիռ արձակելու մասին լուրը այն բանէ ետք, երբ ռեժիմը հարկադրուեցաւ հրադադարի, կեղծ է»,- նշած է հեռարձակողը։