Թուրքիա- ASEM DER Թրքական կազմակերպութիւնը հերթական անգամ յերիւրանքներ պարունակող յայտարարութեամբ հանդէս եկած է: Կազմակերպութիւնը, որ կը յաւակնի «հայկական կեղծ պնդումներուն դէմ» պայքարիլ յայտնած է, որ Թուրքիոյ տարածքին եղող շարք մը ահաբեկչական կազմակերպութիւններ կապ ունին եւ կը վայելեն Հայաստանի զօրակցութիւնը: Նոյն առումով միութեան նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյ խստաոճ յայտարարութիւն մը ընելով ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է հայ վերլուծաբան Վիգէն Չըթրեանին դէմ: Կիւլպէյ մասնաւորապէս ըսած է, թէ Վիգէն Չըթրեանի հեղինակած եւ վերջերս հրապարակուած « Բաց Վէրքեր. Հայեր, Թուրքեր եւ Ցեղասպանութիւն Հարիւր Տարիները» գիրքը կը պարունակէ սուտ մեղադրանքներ ուղղուած թրքական պետութեան եւ թուրք ժողովուրդին: Կիւլպէյ նաեւ ըսած է, թէ իրենք պիտի պայքարին Չըթրեանի եւ անոր հեղինակած գիրքին դէմ եւ դատական հայցերով հանդէս պիտի գան: Նշենք, որ այս մասին տեղեկութիւնները հրապարակուած են Պոլսոյ «Մարմարա» հայկական օրաթերթին կողմէ: