image

Թրքական Կազմակերպութիւն Մը Սպառնալիքնե՞ր Ուղղած է Վիգէն Չըթրեանին

Թրքական Կազմակերպութիւն Մը  Սպառնալիքնե՞ր Ուղղած է Վիգէն Չըթրեանին

Թուրքիա- ASEM DER Թրքական կազմակերպութիւնը  հերթական անգամ  յերիւրանքներ պարունակող յայտարարութեամբ հանդէս եկած է: Կազմակերպութիւնը, որ կը յաւակնի  «հայկական կեղծ պնդումներուն դէմ»  պայքարիլ յայտնած է, որ Թուրքիոյ տարածքին եղող  շարք մը  ահաբեկչական կազմակերպութիւններ կապ ունին  եւ կը վայելեն  Հայաստանի  զօրակցութիւնը: Նոյն առումով միութեան նախագահ Կէօքսէլ  Կիւլպէյ խստաոճ   յայտարարութիւն մը ընելով ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է  հայ վերլուծաբան  Վիգէն Չըթրեանին դէմ:  Կիւլպէյ մասնաւորապէս ըսած է, թէ   Վիգէն  Չըթրեանի հեղինակած եւ վերջերս հրապարակուած « Բաց Վէրքեր. Հայեր, Թուրքեր եւ Ցեղասպանութիւն  Հարիւր Տարիները» գիրքը կը պարունակէ  սուտ մեղադրանքներ   ուղղուած թրքական  պետութեան եւ թուրք ժողովուրդին: Կիւլպէյ նաեւ ըսած է, թէ իրենք պիտի պայքարին Չըթրեանի  եւ անոր հեղինակած  գիրքին դէմ եւ դատական հայցերով հանդէս պիտի գան:  Նշենք, որ այս մասին տեղեկութիւնները հրապարակուած են Պոլսոյ «Մարմարա» հայկական օրաթերթին կողմէ: