image

Թրամփ ժամանած է Սէուտական Արաբիա՝ մեկնարկելով իր մերձաւորարեւելեան շրջագայութիւնը

Թրամփ ժամանած է Սէուտական Արաբիա՝ մեկնարկելով իր մերձաւորարեւելեան շրջագայութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեկնարկած է նախագահութեան երկրորդ ժամկէտի իր առաջին խոշոր միջազգային ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին ան պիտի այցելէ Մերձաւոր Արեւելքի քանի մը երկիր։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է CNN-ը։

Մայիս 13-ին Տանըլտ Թրամփը ժամանած է Սէուտական Արաբիա։ Ռիատի մէջ անոր դիմաւորած է գահաժառանգ իշխան Մուհամետ պըն Սալման ալ Սաուտը։ Աւելի ուշ նախատեսուած է անոնց պաշտօնական հանդիպումը։ Այնուհետեւ Թրամփ ելոյթ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա ներդրումային համաժողովին, ուր նախատեսուած է նաեւ ամերիկացի միլիառատէր Իլոն Մասքի ելոյթը։

Ամերիկեան պատուիրակութեան կազմին մէջ են արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն, պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթը, Առեւտուրի նախարար Հոուարտ Լութնիքը, ուժանիւթի նախարար Քրիս Ռայթը։

Այս շաբաթ Թրամփ նաեւ պիտի այցելէ Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեկնելու նախաշեմին Ուաշինկթընը յայտարարած է այդ երկրին աւելի քան 1,4 միլիառ տոլարի զէնք վաճառելու մասին։