Հրատապ լուրեր:

Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարարները ժամանած են Մոսկուա. Օրակարգը՝ Կազան է

Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարարները ժամանած են Մոսկուա. Օրակարգը՝ Կազան է

Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի, Եգիպտոսի Ինտոնեզիոյ եւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարարներ Ֆէյսալ պըն Ֆարհան Ալ Սաուտը, Այման Հուսէյն Ապտուլլա ալ-Սաֆատին, Սամեհ Շուքրին, Ռեթնօ Մարսուտին, ինչպէս նաեւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Հոսէյն Իպրահիմ Թահան ժամանած են Մոսկուա։

Նպատակը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Կազայի հատուածի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկումն է։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է դիւանագիտական աղբիւրը։

«Ժամանած են, հանդիպումը պիտի սկսի շուտով», -ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։