image

Ռուպիոն ժամանած է Սէուտական Արաբիա, ուր նախատեսուած են ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններ

Ռուպիոն ժամանած է Սէուտական Արաբիա, ուր նախատեսուած են ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն այցով ժամանած է Սէուտական Արաբիա՝ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ Ուքրանիոյ հարցով ծրագրուած խաղաղ բանակցութիւններէն առաջ։ Այցը Ռուպիոյի մերձաւորարեւելեան շրջագայութեան շրջածիրէն ներս է:

Կ՚ենթադրուի, որ Արտաքին գործոց նախարարը պիտի գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու բանակցային խումբը, յայտնած է svoboda.org-ը:

Associated Press-ը եւ Axios-ը, վկայակոչելով անանուն պաշտօնեան, պնդած են, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռիատի մէջ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայքլ Ուոլցը եւ յատուկ բանագնաց Սթիւ Վիթքոֆը։

Ռուսական պատուիրակութեան կազմն անյայտ է։ Ռուսական Коммерсантъ թերթի հաղորդմամբ՝ Մոսկուան կը պատրաստուի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այցին Սէուտական Արաբիա։ Թերթը պնդած է, որ բանակցութիւնները նախատեսուած են փետրուար 18-ին։ Առայժմ պարզ չէ, թէ արդեօք Սէուտական Արաբիոյ մէջ բանակցութիւններուն կը ներգրաւուին Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները։