image

«Թիւր է այն կարծիքը, որ երկրաբանները «կը քանդեն» բնութիւնը». Կարծիք Արման Վարդանեանէն

«Թիւր է այն կարծիքը, որ երկրաբանները «կը քանդեն» բնութիւնը». Կարծիք Արման Վարդանեանէն

«Հանքավայրերը կը յայտնաբերեն երկրաբանները, ուստի կարելի է ըսել, որ հանքաբանութիւնը կը սկսի երկրաբանութենէն». Արման Վարդանեան 

Տարբեր հարթակներու վրայ յաճախ կարծիք կը յայտնուի այն մասին, որ մեր բնութեան ամէնէն շատ վնաս բերողը նոյնինքն՝ մարդ արարածն է։ Իր անհոգութեամբ, անտարբերութեամբ ու մասնաւորապէս մայր բնութեան հանդէպ իր անփոյթ քայլերով մեծ վնաս կը պատճառէ իր շրջապատին, զինք շրջապատող մարդոց, իր հարազատներուն ու նաեւ ինքիրեն։

Այս հարցերը ի դէպ աւելիով աշխոյժ քննարկումներու պատճառ հանդիսացան, այն փուլէն ասդին, որ մարդկութիւնը յուզող հիմնահարցերէն մին դարձաւ (բնութեան աղճատման կողքին) աշխարհին համար սպառնալիք դարձած «Կլոպըլ ուարմինկ» («Համաշխարհային տաքացում) կոչուածը։ 

Խնդիր մը, որ շատ մը պարագներու, եւ բաւական արտասովոր ու դեռ ալ քննարկելի օրակարգ մը ըլլալէ անդին կը շարունակէ օրըստօրէ աւելիով աճիլ եւ վերածուիլ իսկական մարտահրաւէրի։

Այս բոլորէն անդին, մեզմէ շատերուն համար «կարծրատիպային» կարծիքի վերածուած է այս սխալ վարկածը, որ բնութեան հանդէպ գործուած մեծ ու փոքր սխալներուն եւ «մեղանչումներ»ուն կողքին կարեւոր հարց մը կը համարուի հանքարդիւանբերութիւնը։

Այստեղ որոշակի սլաքներ ու մեղադրանքի մեծ բաժին կը հասցուի նաեւ երկրաբաններու հասցէին, որոնք երկար տարիներ ոչ միայն ուսանած եւ ունակութիւններ վաստակած են այդ ոլորտին մէջ, այլ ամբողջ կեանք մը փճացուցած են իրենց կարելին տալու Հայաստանի աշխարհի ամբողջական կայացման համար հիմնարար դեր ունեցող հանքարդիւնաբերութեան գործին եւ ասպարէզին։

Ու հոս է նաեւ, որ շեշտակիօրէն կը կարեւորուի այն հիմնական սկզբունքը, ըստ որուն կրթութեան եւ ճիշդ ունակութիւններու վրայ հիմնուած հանքագործութիւնը, ոչ միայն օգտակար է մեր երկրին համար, այլ նաեւ անկէ բերուած օգուտները համար մէկ օգուտ եւ նեցուկ կը համարուին երկրի պիւտճէին։

Այս բոլորին անդրադառնալէ անդին հարկ է արդար կողմնորոշում մը ունենալ ու արդարը հատուցելու մտօք խօսիլ մեր ժամանակներու երկրաբանութեան եւ երկրաբանին մասին, առանց որուն շատ բան պիտի կորսնցնէր հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը։ Եւ անշուշտ այօրուայ խնդիրներուն ծանօթանալու համար հարկ կը համարենք «Արեւելք»ի ընթերցողաց հետ կիսուիլ «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ի (ԶՊՄԿ) տեխնիկական (թէքնիք) տնօրէն Արման Վարդանեանի կարեւոր տեսակէտներն ու տուեալները, որ ան վերջերս ներկայացուցած է հայրենի լրագրող Լիլիթ Իսրայէլեանին կողմէ եղած հարցազրոյցին ընթացքին։

«Երկրաբաններու տօնը հաստատուած է 1966 թուականին եւ որոշուած է նշուիլ ապրիլի առաջին կիրակին, այն պատճառով, որ անկէ յետոյ կը սկսի դաշտային աշխատանքներու նախապատրաստական փուլը: Սակայն Քաջարանի հանքավայրի տարածքին մէջ հետախուզական աշխատանքները կ'իրականացուին ամբողջ տարուան ընթացքին։

Հայրս երկրաբան է, եւ ես՝ դեռ մանկութենէս տեսած եմ երկրաբանի աշխատանքը։ Սակայն երկրաբանութիւնը, որպէս մասնագիտութիւն, ընտրած եմ պատահականօրէն, որուն համար, սակայն, հետագային չեմ զղջացած: Երկրաբանի համար ամենահետաքրքրական ու սիրելի պահը դաշտային աշխատանքներն են: Ամենասիրելի եղանակը` երբ ստիպուած կ'ըլլան գրասենեակներուն մէջ անցընել: Սպասուած պահն է, երբ կը յայտնաբերուին օգտակար հանածոներու կուտակումներ, երեւակումներ կամ, որ աւելի լաւը` հանքավայրեր: Մասնագիտութեան բերումով, երկրաբաններն իրենց կեանքի մեծ մասը կ'անցընեն բնութեան մէջ։ Անոնք, առանց բացառութեան, բնութիւնը սիրող մարդիկ են եւ այն թիւր կարծիքը, որ հանքավայրեր կը յայտնաբերեն, ուրեմն՝ բնութիւնը կը քանդեն ոչ թէ կը սիրեն, կը հերքուի իւրաքանչիւր երկրաբանի կողմէ: 

Քաջարանի հանքավայրի ընդերքին մէջ առկայ մետաղները յայտնաբերուած են եւ վերջին անգամ պաշարները հաստատուած 2023 թուականի յուլիսին: Քաջարանի հանքավայրի պաշարներու ընդհանուր քանակը 2 միլիառ թոնէն աւելի է, հիﬓական մետաղները պղինձ եւ մոլիպտեն (արճիճաքար) են, կան մօտ 6 միլիոն թոն պղինձի եւ 850,000 թոն մոլիպտենի պաշարներ: Պղինձի պաշարներու առումով, մերը այնքան ալ մեծ հանքավայր չէ, աշխարհի հաստատուած պղինձի պաշարներու 0.5-0.6 %-ը, իսկ մոլիպտենի առումով, աշխարհի հաստատուած պաշարներու մօտ 5 %-ը: 

Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գոմպինատը ունեցած է երկրագիտական նմոյշներու թանգարան, բոլոր ցուցանմուշները քանի մը տարի առաջ փաթեթաւորած ենք, փաստագրած եւ հիմա անոնք պահեստաւորուած են: Անոնք հետաքրքքրական ու տեղեկատուական են եւ առաջիկային կը ծրագրենք կազմակերպել նոր ցուցադրութիւն: Թանգարանին մէջ ներառուած էր հանքավայրի ամբողջ երկրաբանական պատմութիւնը: Այնտեղ, բացի ցուցանմուշներէն, տարբեր քարտէզներ, նախագիծեր եւս կային: ՀՀ-ի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) կառուցուածքին մէջ կայ երկրաբանական թանգարան, նպատակ ունինք համագործակցիլ` մեր թանգարանը վերագործարկելու ժամանակ: Նաեւ կարեւոր ծրագիրներէն է, որ ամրան, մարզի դպրոցականներուն, աւագ դասարաններու աշակերտներուն համար երկրաբանական ճամբարներ կազմակերպել: Մասնակիցները կը ծանօթանան երկրաբանի մասնագիտութեան, եւ անոնցմէ մաս մը` կ'ընտրէ այն: Բացի այդ, այս տարի, Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) երկրաբանական ֆակուլտետի ուսանողներու ուսուﬓական գործնականը կը նախատեսենք կազմակերպել Սիւնիքի մարզի մէջ։ Հիմնական նպատակը` աւելի մեծ թիւով ուսանողներ բերելն է Սիւնիք, հաշուի առնելով այստեղ առկայ հանքարդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները: Միջազգային չափանիշները ինքնանպատակ չեն, անոնք ստեղծուած են միջազգային լաւագոյն փորձերու հետեւանքով, որոնց հետեւիլը ճիշդ է եւ տրամաբանական: Մենք կը պահպանենք ՀՀ-ի մէջ գործող չափանիշները եւ զուգահեռաբար քայլեր կ'ընենք միջազգային չափանիշներուն համապատասխանելու համար: Օրինակ՝ հանքավայրի պաշարներու գնահատումը կատարուած է ՀՀ-ի պահանջներուն համապատասխան, բայց հաշուարկած ենք եւ հաստատած նաեւ միջազգային 41103 չափանիշով: Պոչամբարներու վերաբերեալ գործող պահանջներ կան ՀՀ-ի մէջ, կը կիրառուին 2022 թուականի վերջէն, բայց այժմ կ'իրականացնենք վերանախագծման աշխատանքներ, որպէսզի պոչամբարները համապատասխանեցնենք միջազգային չափանիշներուն: Շուտով կը ստանանք ISO կառավարման վկայական` տարրալուծարանի համար, որ որպէս պահանջ դրուած չէ արդիւնահանող ընկերութիւններու առջեւ, բայց, այնուամենայնիւ, մենք կ'ընենք այդ, հասած ենք վերջնական փուլին: Մետաղներու հաշուարկման, հաւասարակշռման կազմման ուղղութեամբ եւս սկսած ենք աշխատանքներ` միջազգային չափանիշներուն համապատասխանեցնելու համար: 

Շահագործումը սկսելէն մինչեւ օրս Քաջարանի հանքավայրէն արդիւնահանուած է մօտաւորապէս 450 միլիոն թոն հանքաքար, 2 միլիառ թոնէն աւելի հանքաքար դեռ կայ, այսինքն՝ ընդհանուր առմամբ, 2.5 միլիառ թոն հանքաքարի պաշարներ եղած են: Եթէ վերածենք տարիներու, ապա եւս 90 տարի կը շահագործուի հանքավայրը, հնարաւոր է` լրահետախուզման աշխատանքներու հետեւանքով, թիւերը ճշգրտուին: Քաջարանի հանքավայրի շուրջը՝ որոշ հեռաւորութեան վրայ, արդէն կան յայտնաբերուած հանքավայրեր, մասնաւորապէս՝ ոսկի եւ ոսկի-բազմամետաղային:

Տեխնիկական տնօրէնը կը ղեկավարէ եւ կ'առաջնորդէ արտադրական գործընթացի տեխնիկական ծառայութիւնները. երկրաբանական, ծրագրման եւ վերահսկման, ջրային միջոցներու կառավարում ու ջրային որոշակի կառոյցներու ծառայութիւնները եւ տարրալուծարանները: 

Երկրաբաններու ներգրաւմամբ երկու ծառայութիւն կայ. հանքային երկրաբաններու բաժնին մէջ, անոնք կը զբաղին ապրանքային հանքաքարի որակի վերահսկմամբ, այսինքն՝ կը վերահսկեն նախապէս ծրագրուած հանքաքարի որակն ու մատակարարումը հարստացուցիչ գործարան: Հիմնականին՝ իրենց գործունէութիւնը կապուած է արտադրութեան հետ: Ունինք նաեւ երկրաբանահետախուզական ծառայութիւն, որ կը զբաղի հետախուզման, լրահետախուզման աշխատանքներով: Արդիւնքը կ'ազդէ արտադրութեան վրայ` մեծ հեռանկարով, քանի մը տարուան կտրուածքով: Իսկ հանքային երկրաբանները անմիջապէս ամենօրեայ աշխատանքով կապուած են արտադրութեան հետ: 

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ երկրաբանի տօնը կը նշուի պատշաճօրէն, ինչ որ գովելի է, հետզհետէ աւելի կը կարեւորուի մասնագիտութիւնը, յուսանք տարուէ տարի տեսանելի կ'ըլլայ նաեւ դիմորդներու աճը: Հաշուի առնելով մետաղներու պահանջարկի աճը եւ արդէն հաստատուած պաշարներու նուազման միտումը, կրնանք ըսել, որ երկրաբանի մասնագիտութեան պահանջարկը հետզհետէ պիտի աճի, եւ աւելի ﬔծ մարտահրաւէրներ պիտի ըլլան` նոր հանքավայրերու յայտնաբերման առումով:» 

 

«Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ի (ԶՊՄԿ) տեխնիկական (թէքնիք) տնօրէն Արման Վարդանեանի hետ զրոյցն իրականացուցած է՝ Լիլիթ Իսրայէլեան