Չինաստան աջակցութիւն յայտնած է Իրանի հետ միջուկային խնդրի շուրջ եռակողմ խորհրդակցութիւններ կայացնելու ռուսական նախաձեռնութեան։ Այսօր կայացած ճեպազրոյցին այս մասին յայտարարած է Չինաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Լին Ցիանը։
Ան նշած է, որ Փեքինը կ՚ողջունէ Մոսկուայի ջանքերը՝ ուղղուած Իրանի միջուկային խնդրի քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծման։
«Մենք կ՚աջակցինք Ռուսիոյ կողմէ փորձագիտական մակարդակով խորհրդակցութիւններու կայացման եւ անոր ներդրման՝ խաղաղ կարգաւորման գործին»,– նշած է դիւանագէտը։
Ինչպէս յայտնած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Իրանի միջեւ խորհրդակցութիւններ տեղի պիտի ունենան ապրիլ 8-ին Մոսկուայի մէջ։ Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ճալալին հաստատած է, որ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան փորձագիտական մակարդակով։
Նախաձեռնութիւնը պիտի կատարուի ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւններու լոյսին տակ, որ անգամ մը եւս յայտնած է Թեհրանի հետ նոր միջուկային գործարքի հասնելու ցանկութեան մասին` կա՛մ բանակցութիւններու միջոցով, կա՛մ, ինչպէս ինք կ՚ըսէ, «աննախադէպ ռմբակոծութիւններու ճանապարհով»:
Չինաստանը պնդած է, որ Իրանի միջուկային խնդրի լուծման միակ ճիշդ ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է։ Աւելի վաղ՝ մարտի կէսերուն, Ռուսիան, Չինաստանը եւ Իրանը Փեքինի մէջ նման բանակցութիւններ արդէն ունեցած էին արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով։
Զուգահեռաբար Իրան կը շարունակէ երկխօսութիւնը Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի միւս մասնակիցներու՝ Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հետ։ «Եւրոպական եռեակի» հետ հանդիպումները տեղի ունեցած են փետրուարին եւ մարտի վերջը։