Թիֆլիսի Ռուսթաւելի պողոտայի մէջ տեղադրուած գլխաւոր տօնածառի մէջ հրդեհ բռնկած է Ամանորի գիշերը։ Այս մասին ընկերային ցանցերու պաշտօնական էջերուն յայտնած են վրացական լրատուամիջոցները:
Նշուած է, որ հրդեհի պատճառը տեխնիկայի հետ անզգոյշ վարուիլը եղած է:
Նախ ականատեսները ծուխ տեսած են, յետոյ ամանորեայ զարդարանքներէն մէկը հրդեհած է։
Դէպքի վայր ժամանած փրկարարները յաջողած են կարճ ժամանակի մէջ մարել կրակը։ Բարեբախտաբար, ոչ ոք տուժած է։