image

Լոս Անճելըս. Գերշ. Տ. Գեղամ արք. ընդունած է Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը

Լոս Անճելըս. Գերշ. Տ. Գեղամ արք. ընդունած է Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը

Մեր օրերու բարդ ու արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ, երբ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները յաճախ կը գտնուին լուրջ փորձութիւններու առջեւ, աւելի քան երբեք կարեւոր կը դառնայ եկեղեցական միասնութիւնը, փոխադարձ ըմբռնումը եւ համագործակցութեան ոգին։ Այս իրականութեան մէջ նման հանդիպումները կը վերածուին ոչ միայն արարողակարգային առիթներու, այլ՝ խորքային մտքերու փոխանակման եւ միասնական ուղիներ որոնելու եզակի պահերու։

Այս ծիրէն ներս Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Առաջնորդարանի յարկին տակ ընդունած է Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ, 20 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր տնօրէն՝ Վերապատուելի Գրիգոր Եումշաճըգեան, ընկերակցութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետ. Միութեան Աւ. Հովիւ՝ Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեանի եւ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետ. Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Պատուելի Յովսէփ Կարապետեանի: 

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, բարձր գնահատեց Հոգեւոր դաշտի մէջ գործող հին բարեկամներու հետ վերահանդիպումը եւ այս առիթով շնորհաւորեց Աւստրալիայէն Լոս Անճելըս այցելութեան եկած Վեր. Եումուշաճըգեանը, իր ստանձնած նոր պաշտօնին համար: 

Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, բարեկամ հովիւները արտայայտուեցան ներկայ ժամանակներու մէջ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու դիմաց ծառացած բարոյագիտական, հոգեբանական, մարդկային ու ընկերային տեսակ-տեսակ մարտահրաւէրներու մասին եւ ընդգծեցին հոգեւոր դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս նորահաս սերունդներու պատրաստութեան ի նպաստ կազմակերպուած կրթական գործունէութեան մէջ, ապա դարձեալ հանդիպելու ջերմ յոյսով յաջողութիւն մաղթեցին իրարու: