Հայաստան- Հայաստանեաց Առաքելական տօնացոյցին համաձայն իւրաքանչիւր տաղաւարի յաջորդող երկուշաբթի օրը յատկացուած է հանգուցեալներու յիշատակը յարգելու եւ կը կոչուի մեռելոց: Հայ եկեղեցւոյ այս աւանդոյթին առընթեր «Արեւելք» կարճ զրոյց մը ունեցաւ Սուրբ Էջմիածնի միաբան հայրերէն ՝ Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեանին հետ: Հայր սուրբը մեկնաբանելով մեռելոցի օրը նշեց, որ «Ըստ ուղղափառ հաւատամքին մեզմէ հեռացած հարազատները կը կոչուին ննջեցնեալներ հետեւաբար անոնք եւս կը համարուին մեր եկեղեցիին անբաժանելի մասը»: Հայր սուրբը ըսաւ, որ «Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ այլեւս մահն իշխանութիւն չունի մարդու վրայ, քանզի աներկբայ կը հաւատանք, որ ինչպէս Տէրը յարութիւն առաւ, այնպէս ալ մենք օր մը յարութիւն պիտի առնենք»: Ըստ վարդապետին «Չես կրնար քրիստոնեայ ըլլալ եւ միենոյն ժամանակ չհաւատալ մեռելներու յարութեան»: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ «Ննջեցեալին համար կարեւոր են ոչ թէ ճոխ թաղումն ու պերճ խօսքերը, այլ երկու բան` մշտամնայ աղօթք անոր հոգիին հանգստութեան համար եւ խնդրանք, որպէսզի Աստուած իր անբաւ ողորմութեամբ դատէ, ինչպէս նաեւ անոր յիշատակի պահպանում ընտանիքէն եւ շրջապատէն ներս»: Հայր Զաքարիա իր խօսքը եզրակացնելով ըսաւ ՝ «Քանի դեռ մենք կը յիշենք մեր ննջեցեալները եւ անոնց համար աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած անոնք կենդանի են մեզի համար: Հետեւաբար, մարդասէր Աստուած թող գթայ մեր բոլոր ննջեցեալներուն իր անբաւ ողորմութեամբ, իսկ մեզ պարուրէ յարութեան յոյսով եւ աւետիսով»: