Ամէն անգամ երբ Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ հրապարակ կելէ ջղաձիգ յայտարարութիւններով ու լուտանքներ կը թափէ Հայաստանի հասցէին,կարծէք թէ թթուածին կու տայ Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներուն, որոնք փոխանակ քննադատելու թշնամի երկրի ղեկավարին, անոր ըսածները կ\ընդունին որպէս փաստ ու իրենց մաղձը կþուղղեն դէպի իշխանութիւնները:
Տարբեր չէր պարագան Ալիեւի վերջերս Ռուսական լրատուամիջոցներէն մէկուն տուած հարցազրոյցէն ետք, երբ ան լայն տեղ յատկացուց Հայաստանի սպառազինութեան հարցին` յայտարարելով, թէ «զէնքը, որ Մաքրոնի կառավարութիւնը կը մատակարարէ Հայաստանին, յարձակողական զէնքեր են, մահաբեր, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի համար»: Նոյն հարցազրոյցի ընթացքին Ալիեւ ըսաւ, որ 300 հազար նախկին Հայաստանաբնակ ազերիներ դիմում ներկայացուցած են, իրենց բնակավայրերը վերադառնալու համար, սակայն Հայաստանի կառավարութենէն պատասխան չեն ստացած:
Ինքզինք յարգող ոեւէ քաղաքական գործիչ Ալիեւի այս խօսքերուն մէջ պէտք էր տեսներ այն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը վարէ ճիշդ քաղաքականութիւն: Խաղաղութեան ձգտելով հանդերձ կ’աշխատի հզօրացնել երկրի պաշտպանական դիմադրողականութիւնը, իսկ ատրպէյճանցիներու Հայաստան վերադարձի հարցը նոյնիսկ պատասխանի չարժանացներ: Սակայն, նախկին իշխանութեան մունետիկները Ալիեւի խօսքերը կը մեկնաբանեն` նայելով ծուռ հայելիի մէջ: Մէկը կը յայտարարէ, որ Ալիեւ զինաթափ պիտի ընէ Հայաստանը: Միւսը կը խօսի հարիւր հազարաւոր ատրպէճանցիներու ժամանումի ու Հայաստանը Արցախի ճակատագրին մատնելու մասին: Այսինքն, անոնց համար Ալիեւի իւրաքանչիւր խօսքն ու պահանջքը կատարուած իրողութիւն է, որուն պիտի ենթարկուի Հայաստանի կառավարութիւնը:
Ալիեւն ու Հայաստանի ընդդիմութիւնը զիրար ամբողջացնելով չորս տարիէ ի վեր կը խօսին «Զանգեզուրի միջանցքը» յանձնելու մասին: Առաջին օրէն իշխանութիւնները հաստատակամ մնացին իրենց կեցուածքին վրայ, որ «միջանցք» հասկացողութիւն գոյութիւն չունի, այլ կայ միայն ու միայն ճանապարհներու շրջափակում` Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու օրէնքներու շրջագիծէն ներս:
Ալիեւ նոր չէ, որ սկսած է խօսիլ Հայաստանի սպառազինութեան մասին, սակայն վերջին շրջանին այդ դժգոհութիւնները սկսած են դառնալ աւելի յաճախակի, քանի որ իրեն պէտք է նախապատերազեան Հայաստանը, ուր ամբողջութեամբ անտեսուած էր բանակը ու զայն արդիական զէնքերով օժտելու հարցը: Նոյնիսկ, 2016 թուականի ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմէն ետք, երբ թշնամին առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ օգտագործել անօդաչու թռչող սարքեր կամ «տրոններ», ոչ մէկ քայլ առնուեցաւ ռազմական խախտուած հաւասրակշռութիւնը գոնէ մասամբ վերականգնելու համար: Սերժ Սարգսեանի օրօք դերերը շրջուած էին ու Հայաստան էր, որ կը բողոքէր Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին վաճառուող արդիական զինատեսակներու մասին: Միայն բողոքներով բաւարարուիլը մեզ հասցուց 44-օրեայ պատերազմին ու անոր յաջորդած` Արցախի կորուստին ու ողբերգական միւս զարգացումներուն:
Ոչ հեռու անցեալին ատրպէյճանի իշխանամերձ շրջանակները կը հեգնէին հնդկական ու ֆրանսական զինատեսակներու որակը: Նոյնը կը կրկնէին նաեւ Հայաստանի իրենց հոգեհարազատ «ընկերները»: Այս օրերուն սակայն անիւը սկսած է շարժիլ հակառակ ուղղութեամբ: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու Ատրպէյճան փորձած է Հնդկաստանէն զէնք գնել, սակայն արժանացած է մերժումի:
Ժամանակն է, որ Հայաստանի ընդդիմադրութիւնը վեր կանգնի ու ցուցաբերէ պետականամետ մարդու կեցուածք ու վերջ տայ Ալիեւի ձաբռտուքները որպէս կատարուած իրողութիւն ընդունելու պատրանքներուն: Այդպիսով միայն, այդ շրջանակները պիտի կարողանան մաքրել իրենց դիմագիծը` ցարդ գործած սխալներուն համար, այլապէս պիտի շարունակեն մնալ խօսքի սահմաններէն դուս չեկող լուսանցքային քաղաքական գործիչներ, որոնց ըսածները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն Հայաստանի հասարակութեան մեծ մասին համար:
Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»