Օրերս, Հալէպի լատին համայնքի Մար Ֆրանսիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է նորոգ վախճանեալ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ՝ Ֆրանչիսկոս Պապի հոգւոյն նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հալէպահայ Հոգեւոր առաջնորդներ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Այս բոլորի մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի եւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջերէն։
Ստորեւ լրատւութիւնները՝
Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նորոգ վախճանեալ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապի հոգւոյն նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, լատին համայնքի Մար Ֆրանսիս եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։
Սրբազան Հայրը, անձնապէս եւ Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ յայտնեց Լատին Համայնքի Առաջնորդին եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ համայնքապետ եղբայրներուն։
---
Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2025-ի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Լատին Համայնքի Մար Ֆրանսիս եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած Ս. Պատարագի արարողութեան։
Յետ Պատարագին, Վերապատուելին անձնապէս եւ յանուն Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի ցաւակցութիւն յայտնեց։