image

Ոչ եւս է Ֆրանսահայ Լրագրող Տանիէլ Պիլալեան

Ոչ եւս է Ֆրանսահայ Լրագրող Տանիէլ Պիլալեան

Փարիզի մէջ, օրերս, մահկանացուն կնքած է Ֆրանսական հեռատելի խորհրդանշական դէմքերէն՝ Ֆրանսահայ հանրածանօթ լրագրող Տանիէլ Պիլալեան։ Ան 78 տարեկան էր։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Ֆրանսահայ հանրածանօթ լրագրող Տանիէլ Պիլալեան մահացաւ 14 Մայիսին, 78 տարեկան հասակին։

Ֆրանսական հեռատելի խորհրդանշական դէմքերէն մէկն էր։ Աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին, ան ներկայացուցած է Antenne 2/France 2-ի լրատւութիւնները 1980-1990-ական թուականներուն, ապա ղեկավարած է France Télévisions-ի մարզական բաժինը (2005-2016)։

Որդին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող Գրիգոր Պիլալեանի, ան ծնած էր Փարիզ 1947-ին եւ իր մասնագիտական ասպարէզը սկսած է Ռենսի «L’Union»-ին մէջ, ապա ORTF, եւ ետքը՝ Antenne2, ուր յաջորդաբար աշխատած է որպէս հաղորդավար։ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւններու մեկնաբան (2006-2016)։ Հանգստեան կոչուած էր 2016-ին եւ ան շարունակ թիկունք կանգնած էր Հայ Դատին։