«Գաղթականներու հարցին գծով անհրաժեշտ է ծրագրուած ու հետեւողական մօտեցում ունենալ: Մեծապէս գնահատելի է թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ բոլոր համայնքներուն ցուցաբերած յատուկ հոգածութիւնը գաղթականներուն նկատմամբ: Մեր մաղթանքն է, որ կացութիւնը շուտով բարելաւուի եւ անոնք վերադառնան իրենց շրջանները եւ տուները», շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լուրերը տարածող՝ «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝
Այս առաւօտ, Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աունին, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին, եւ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեանի, Դիւանապետ Կաթողիկոսարանի:
Հանդիպումէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայատարարութիւնը կատարեց մամուլին`
«Այցելեցինք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Նորին Վսեմութիւն Զօրավար Ժոզէֆ Աունին, մեր համայնքին անունով եւ անձնապէս Մեր զօրակցութիւնը յայտնելու իր եւ իր գլխաւորած կառավարութեան աշխատանքներուն ու կեցուածքներուն համար:
«Արդարեւ, Լիբանանի հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան պահպանումը, պետութեան հեղինակութեան ամրացումը, բանակին ներկայութիւնը Լիբանանի բոլոր շրջաններէն ներս եւ ազգային միասնականութեան ամուր պահպանումը՝ մանաւանդ ճակատագրական ներկայ պայմաններուն մէջ, կը նկատենք առաջնահերթ ու հրամայական: Կը հաւատանք, որ ա՛յս է իւրաքանչիւր լիբանանցիի մօտեցումը: Հարկ է հեռու մնալ ներքին զգայնութիւններ յառաջացնող արտայայտութիւններէ եւ բոլորուիլ մեր հայրենիքի գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն շուրջ:
«Լիբանանը լուրջ վտանգի դիմաց է: Իսրայէլի մուտքը հարաւային Լիբանան եւ շարունակուող ռմբակոծումները ու սպանութիւնները խստօրէն դատապարտելի են: Իսրայէլի առած քայլերը կը հակասեն միջազգային օրէնքին: Հետեւաբար, միջազգային համայնքը ու մանաւանդ Լիբանանի բարեկամ երկիրները անտարբեր պէտք չէ մնան իսրայէլեան շարունակուող թշնամական քայլերուն նկատմամբ:
«Գաղթականներու հարցին գծով անհրաժեշտ է ծրագրուած ու հետեւողական մօտեցում ունենալ: Մեծապէս գնահատելի է թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ բոլոր համայնքներուն ցուցաբերած յատուկ հոգածութիւնը գաղթականներուն նկատմամբ: Մեր մաղթանքն է, որ կացութիւնը շուտով բարելաւուի եւ անոնք վերադառնան իրենց շրջանները եւ տուները», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:
