Հայաստեանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Մասիս եպս. Զօպուեան մեր խնդրանքով «Արեւելք»ի ընթերցողներուն յղեց ամանորեայ յղերձ մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.
Սիրելի հարազատներ,
Նոր տարուայ եւ սուրբ ծննդեան, Քրիստոսի աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով Բերիոյ հայոց թեմէն ընդունեցէք բարեբեր տարուայ եւ արեւշատ օրերու մեր մաղթանքները Սուրիոյ մէջ ապրող, թէ Սուրիայէն դուրս գտնուող մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն:
Անցնող տարուան ընթացքին Բերիոյ Հայոց թեմի բոլոր շրջանները, սկսեալ Հալէպէն մինչեւ՝ Գամիշլի, Լաթաքիա, Թարթուս եւ Քեսապ, հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն, հակառակ «Քորոնա» ժահրին, եկեղեցական թէ ազգային ծաղկուն գործունէութիւն մը ունեցան:
Անցնող տարին ցաւով եւ տագնապներով լեցուն տարի մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ Արցախի գոյապայքարը վերջ գտաւ, դժբախտաբար, պարտուողական համաձայնագրի ստորագրութեամբ:
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, փառք ու պատիւ մեր զինուորներուն, մեր հերոսներուն, մեր նահատակներուն, մեր ժողովուրդի զաւակներուն, սուրիական հայրենիքի հողին վրայ, այլապէս մաքառող, պայքարող մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն: Հալէպի, Գամիշլիի, Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ ամէնուրէք կանգնած, բարձրացած մեր եկեղեցիներուն, ազգային կառոյցներուն, վարժարաններուն մէջ գործող, ծառայող, մեր կեանքերը ծաղկեցնող մեր սպասաւորներուն փառք ու պատիւ:
Սուրիական հայրենիքի հողին վրայ մեր ժողովուրդի զաւակները, անցնող երկար տարիներուն, պայքարեցան եւ պահեցին իրենց հայրենիքը: Սուրիահայ երիտասարդներ Արցախի վերջին պատերազմին անմասն չմնացին. անոնք թէ՛ հայկական մեր թաղամասերը պաշտպանեցին, եւ թէ՛ խիզախօրէն գացին Արցախ եւ նահատակուեցան՝ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց:
Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, մանաւանդ արտասահմանի մէջ գտնուող մեր նախկին սուրիահայերուն ողջոյններ Հալէպէն, Սուրիայէն, այն խոր հաւատքով եւ համոզումով, որ անոնք, այո՛, բաժնուեցան եւ հեռացան իրենց հայրենիքէն, Սուրիայէն, սակայն համոզուած ենք, թէ անոնք կ'ապրին եւ կը բաժնեն մեր ցաւերը եւ մեր մտահոգութիւնները:
Աստուծոյ մեր ձայները բարձրացնենք, միաբերան խնդրելով անկէ՝ ամենաբարին Աստուծմէ, յաւիտենական լոյսէն, որ լուսաւորէ մեր կեանքի ճանապարհները, լուսաւորէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը եւ Արցախը, առաւել եւս ծաղկազարդէ մեր եկեղեցիները, մեր կառոյցները, մեր դպրոցները եւ մեր հաստատութիւնները:
Թող 2021 տարին ըլլայ բառին ամբողջական հասկացութեամբ օրհնաբեր տարի մը, բարեբեր տարի մը, Ձեզի բոլորիդ մաղթելով առողջութիւն եւ արեւշատ ու երջանիկ օրեր:
Շնորհաւոր 2021 տարի:
Եւ կ'ըսենք միասնաբար՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս:
Տ. Մասիս եպս. Զօպուեան