Ատրպէյճանցիները պղծած ու վանտալիզմի ենթարկած են բռնագրաւուած Արցախի մէջ գտնուող Երից Մանկանց վանքը (17-րդ դար): Այս մասին յայտնած է «Artsakh Monuments»-ը:
Տարածուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, որ անհետացած են բեմի վրայ դրուած եկեղեցւոյ մանրակերտները, Սուրբ սեղանին յենած խաչքարը։ Ջարդած են գեղաքանդակ խաչքարի ստորին հատուածը, որ ինկած է գետին։ Աջակողմեան որմնախորշի մէջ տեղադրուած քանդակը երեսնիվար ինկած է։