image
Հրատապ լուրեր:

Սրտի խօսք Վերժին Չերչեանի անժամանակ մահուան առիթով

Սրտի խօսք Վերժին Չերչեանի անժամանակ մահուան առիթով

Օրերս  Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  Վերժին Չերչեան  Աբրահամեան  այդ  առթիւ ալ սրտի խօսք-մահագրական մը ստորագրած է Պէյրութահայ  երէց սերունդի ներկայացուցիչներէն եւ  երկար տարիներով  կրթական մշակ  Տիկն. Ազատուհի Սիմոնեան։

 Ստորեւ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ այդ մահագրութիւնը:

Կեանքէն հեռացաւ արժէքաւոր հայուհի մը՝ յանձին Վերժին Չերչեան Աբրահամեանի։ Ան տակաւին ունէր տարիներ շարունակելու իր սկսած խիստ հայանպաստ գործը։ Անողոք հիւանդութիւնը զգետնեց զինք խոր ցաւ պատճառելով իր ծերունազարդ մօր՝ Շաքէին, մտաւորական,  հեղինակ ու հանրային գործիչ՝ սիրող ամուսինին Կարօ Աբրահամեանին եւ վաստակաւոր ղեկավար ՀԵԸ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի ղեկավար անձնաւորութիւններէն Վիգէն Չերչեանին ու հոյլ մը դսաընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու։

Վերժին իր համալսարանական մասնագիտութիւնը ստացած ըլլալով տնտեսական եւ վիճակագրական գիտութիւններու մէջ, հազիւ կարճ ժամանակ մը պաշտօնավարեց դրամատնային հաստատութիւններու մէջ եւ հուսկ ապա նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ, յատկապէս հայ վարժարաններու մէջ։ Ան սիրուեցաւ ուսանողներէն որպէս նուիրեալ ուսուցչուհի, որ եկած էր սերունդները պատրաստելու դարուս պարտադրանքը հանդիսացող մասնագիտութիւններուն, որոնց հիմքը կը կազմէր մաթեմադիկական ուսմունքը։

Դարուհի Յակոբեան վարժարանին մէջ իր ստացած հայագիտական ուսմունքը կատարելագործելու նպատակաւ Վերժին  հետեւեցաւ Հիւսիւսեան հայագիտական հիմնարկի դասաւանդութիւններուն։ Ան նոյն հաստատութեան մէջ աշակերտեց Պէպօ Սիմոնեանի Արեւմտահայերէնի եւ Սփիւռքահայ  գրականութեան դասընթացքներուն։ Դասախօս Պէպօ Սիմոնեանի կարծիքով Վերժին այն կատարեալ ուսանողուհին  էր, որ հպարտութիւնը կը կազմէր իւրաքանչիւր դասախօսի։ Անոր լուրջ աշխատանքը եւ պատրաստած ուսումնասիրութիւնները գերազանց էին իրենց մակարդակով։ Դասախօսութեանց առիթով անոր առած նօթերը հիմք կը ծառայէին յաջորդ նիւթի փոխանցման եւ դասաւանդութեան։ Ափսոս որ Հիւսիսեան Հայագիտականը փակեց իր դռները Վերժինի նման ուսանողներու առջեւ յաջորդող տարիներուն։Վերժին իր տպաւորիչ արեւմտահայերէնը օգտագործեց երբ իր տարիներու երազը հանդիսացող մանկապատանեկան հանդէսը՝ «Փթիթ»-ը կեանքի կոչեց իր ամուսնոյն Կարոյի աշխոյժ գործակցութեամբ։ Այս եղաւ իր կեանքի գործը։ 2009-էն սկսեալ իր մտասեւեռումը  հանդիսացաւ «Փթիթ»-ը։ Վերժին իր բովանդակ կարողութիւնները ի սպաս դրաւ այս թիւերու հրատարակութեան։ Հայկական խորքով եւ արդիական ու մանկավարժական դրսեւորումներով հարստացուց թիւերը։ Իրն էին խաղերու մտայղացումները, կեանքէն վերցուած պատմութիւններու խմբագրումը, հարցարաններու մատակարարումը, հայոց պատմութենէն վերցուած դրուագները։ Հասաւ նաեւ այն ժամանակաշրջանը, երբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, գնահատելով տարուած բծախնդիր աշխատանքը, առաջարկեց «Փթիթ»-ը վերածել համակարգչային կայքի մը, որ հասանելի պիտի դառնար աներեւակայելիօրէն մեծ թիւով պատանիներու աշխարհով մէկ։ Վերժին լծուեցաւ ծանր աշխատանքի համակարգչային լծակներուն յարմարուելու եւ փոխանցելու իր ինքնուրոյն ծրագրերը։ Մեծ յաջողութիւն գտաւ «Փթիթ»-ի կայքէջը հազարաւոր օգտագործողներու մասնակցութեամբ։ Արտասահմանեան երկիրներու մէջ մաքառող հայապահպանման կառոյցներուն գործը դիւրացնող եւ հայոց լեզուի դասընթացքները արդիւնաւորող ազդակ հանդիսացաւ «Փթիթ»-ը։

Վերժին իր ամուսինին Կարոյի հետ կազմած էր մշակութային հաստատութիւն մը։ Աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէին անոնք լիբանանահայ գաղութի բոլոր մշակութային նախաձեռնութիւններուն առանց խտրականութեան։ Իրենց քաջալերանքը կը հասցնէին բոլորին,  միեւնոյն ատեն հասցնելով իրենց նկատողութիւնները առ որ անկ է։ Միշտ ներկայ էին Հայկազեան համալսարանի ձեռնարկներուն եւ համագումարներուն եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծաւալած գործունէութեանց։ Իրենց յաճախակի այցելութիւններով Հայաստան, կրցած էին անհրաժեշտ կապերը հաստատել գրականութեան եւ մամուլի մօտ կանգնող անհատներուն եւ հաստատութիւններուն։ Մշակոյթով լեցուն ընտանեկան բոյն մը կազմած էին Կարօն եւ Վերժինը, որուն ազդեցութիւնը կը տարածուէր իրենց շրջապատին մէջ։ Վերժին հեզահամբոյր անձնաւորութիւն մըն էր եւ կարելի է ըսել որ երբեք չէր վիրաւորած ոեւէ մէկը։ Միշտ ներողամիտ եղած է զինք վիրաւորողներու նկատմամբ եւ այդ վիրաւորանքը պահած է ինքզինքին առանց հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու զայն։ Օգնութեան ձեռք մեկնած է իր ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, իր պաշտօնակիցներուն եւ բարեկամական շրջանակին։

Սրտի կոտտանքով հրաժեշտ կու տանք Վերժին Աբրահամեանին, որուն անձէն ծորող քաղցրութիւնը երկար ժամանակ մեր սրտերը պիտի պահէ մխիթարուած իրեն հասած այս դժբախտ եւ անժամանակ մահուան տխուր իրողութեամբ։

Սիրելի Վերժին, դուն անմահացած ես արդէն քու երկնած «Փթիթներովդ» եւ մեր սրտերուն մէջ ձգած վեհ յիշատակներովդ։ Պէպօ Սիմոնեանը վերէն կը հետեւի մեր արտայայտութիւններուն ու կը միանայ մեզի՝ մաղթելով քեզի յաւիտենական վարձատրութիւն որպէս հաւատացեալ հայուհի։

Ազատուհի Սիմոնեան