Օրերս Կիպրոսի Լիմասոլ հայաշատ շրջանին մէջ մեծ շուքով նշուած է Սուրբ Գէորգի տօնը, որ միեւնոյն ժամանակ քաղաքի միակ հայկական եկեղեցւոյ տօնախմբութեան օրն է։
Ասոր մասին իմացանք Կիպրոսի Հայոցի Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Այս շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար: Արդարեւ, շաբաթ եւ կիրակի 27-28 Սեպտեմբերին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Հոգաբարձութիւնը մեծ շուքով նշեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Յայտնենք, որ շաբաթ ժամը 15:00-ին տեղի ունեցաւ միսի եւ աղի օրհնութիւն եւ աղօթք եկեղեցւոյ մէջ, իսկ երեկոյեան կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն զուգահեռ պատրաստուեցաւ մատաղը:
Կիրակի, 28 սեպտեմբերին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդին Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, ապա Առաջնորդ Սրբազանը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ: