Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի կործանումը, կրնար նախապէս ծրագրուած դաւադրութեան արդիւնք ըլլալ, որուն ենթադրաբար ներգրաւուած եղած են Իսրայէլը, Մեծն Բրիտանիան եւ Ատրպէյճանը, յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի անդամ Քամրան Ղազանֆարին։
Ղազանֆարին նշած է, որ Ռայիսիի մասնակցութիւնը ամբարտակի բացման արարողութեան տեղի ունեցած է Իլհամ Ալիեւի պնդմամբ, եւ որ Ալիեւը հանդիպած է հրեայ ռապպիներու հետ միջադէպէն քանի մը օր առաջ: Պատգամաւորի խօսքով՝ իրանական հետախուզական գործակալութիւններն ունին փաստաթուղթեր եւ զեկոյցներ, որոնք ցոյց կու տան, որ աղէտը կրնար նախապէս ծրագրուած ըլլալ:
Յիշեցնենք, որ 2024-ի մայիս 19-ին վթարի ենթարկուած էր Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիեանն ու քանի մը այլ պաշտօնեաներ տեղափոխող ուղղաթիռը: Վթարի պատճառը նշուած էր եղանակային վատ պայմանները: