Եզրակացնելով՝ արեւմտահայերէնի պահպանումը համընդհանուր պատասխանատուութիւն է, որ կը պահանջէ սփիւռքի, Հայաստանի կառավարութեան, եկեղեցւոյ եւ կրթական հաստատութիւններու գործօն, ներդաշնակ, եւ հետեւողական մասնակցութիւն։ Սակայն ցաւալին այն է՝ որ բոլորը կը խօսին, կը մտահոգուին, կը քննադատեն, յանցաւորներ կը գտնեն, հռետորական ճառերով հանդէս կուգան լեցուն «ՊԻՏԻ»ներով, բայց ոչ ոք լուծումի մասին կը մտածէ: Բոլորն ալ միջոցը նպատակի վերածած, իրենց ըրածը բաւարար համարելով կեղծ գոհունակութիւն մը կ’ապրին: Պէտք է լուրջի առնել: Պէտք է հաւատալ որ լեզուն պարզապէս հաղորդակցութեան միջոց չէ. ան հայկական ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան առանցքային բաղադրիչ է։ Եթէ հիմա չգործենք, կը կորսնցնենք ոչ միայն լեզուն, այլ հսկայական ներուժ ունեցող սփիւռք մը։ Ազգային կրթութիւնը խթանելով, արեւմտահայերէնի կիրառումը առօրեայ կեանքին մէջ ներառելու յստակ եւ գործնական ծրագիրներով, տակաւին կարելի է փրկել գէթ այն՝ ինչ որ մնացած է:
Անհատական ջանքերը կրնան միայն վիրաւոր լեզուին արիւնահոսութիւնը ժամաակաւորապէս դադրեցնել սպասելով վիրաբոյժին: Իսկ եթէ վիրաբոյժը ուշանայ…
Ամերիկահայ ազգային գործիչ եւ կրթական մշակ՝ Դոկտ. Յարութ Մկրտիչեան կը գրէ՝
Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ աջակցիլ լեզուի պահպանման անոր վերականգնման ծրագիրներու ֆինանսաւորման միջոցով։ Այս գործընթացը կրնայ ներառել արեւմտահայերէն դասընթացքներու հաստատում, արեւմտահայերէն դասաւանդող դպրոցներու աջակցութիւն, եւ արեւմտահայերէն լրատուամիջոցներու ֆինանսաւորում (հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, համացանցային լրատուական աղբիւր, եւայլն)։ Բացի այդ, Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ համագործակցիլ սփիւռքի կազմակերպութիւններուն հետ՝ ծրագիրներ ստեղծելու, որոնք կը խրախուսեն արեւմտահայերէնի կիրառումը առօրեայ կեանքին մէջ՝ գրականութեան, երաժշտութեան եւ հանրային դաստիարակչական ձեռնարկներու միջոցով։
Սփիւռքի կազմակերպութիւններն ալ ունին կարեւոր դեր, որովհետեւ անոնք անմիջականօրէն մասնակից են սփիւռքահայ կեանքին յատկապէս այն գաղութներուն մէջ, ուր արեւմտահայերէնը աւելի վտանգուած է։ Այս կազմակերպութիւնները կրնան հովանաւորել լեզուական դասեր, մշակութային ձեռնարկներ և արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ՝ լեզուն կենդանի պահելու համար։ Անոնք կրնան նաեւ համագործակցիլ դպրոցներու, համալսարաններու եւ մշակութային հաստատութիւններու հետ՝ արեւմտահայերէնի կիրառումը խթանելու: Բացի այդ, սփիւռքի կազմակերպութիւնները կրնան օգտուիլ ժամանակակից արհեստագիտութենէն՝ ստեղծելու առցանց աղբիւրներ, արեւմտահայերէնը աւելի մատչելի դարձնելով երիտասարդ սերունդներուն։ Կարեւոր է յիշել որ շատ մը կազմակերպութիւններ բաւական գործ կը տանին այս ուղղութեամբ, սակայն կը բաւէ ակնարկ մը նետել սփիւռքահայ նոր սերունդին վրայ հասկնալու համար որ բաւարար չեն որդեգրուած միջոցները: Ինչո՞ւ առցանց դպրոց չկայ մինչեւ հիմա, ուր տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայկական միջավայրէ հեռու հայեր արեւմտահայերէն սորվին։ Ինչո՞ւ արեւմտահայերէն սորվեցնող խաղեր (games) չունինք։ Ինչո՞ւ արեւմտահայերէն առցանց գրադարան չունինք: Ինչո՞ւ համացանցին վրայ արեւմտահայերէնով տեղեկատուական աղբիւրներ չունինք, որպէսզի արեւմտահայ, նոյնիսկ արեւելահայ աշակերտը, օգտագործէ փոխանակ խորհրդային ուղղագրութեամբ (իմա՛ Աբեղեան) գրուած էջեր այցելելու։
Հոս կը մէջբերեմ Վարդան Թաշճեանի շահեկան գրառումը այս յօդուածին առաջին բաժինին տակ.
«…թուարկեմ 20-րդ դարու շարք մը արհեստագիտական նորարարութիւններ՝ հաղորդակցութեան մարզին մէջ, որոնք պէտք եղածին պէս, երբեմն ալ՝ բացարձակօրէն, չօգտագործուեցան հայերէնի ուսուցման համար։ Այսպէս՝ ռատիօ, պատկերասփիւռ, phonograph-LP, սինեմա, ձայներիզ (մեր օրերու քասէթները եւ անոնց նախորդած փոքր կօշիկի տուփի չափ միւսները), VHS, CD, USB․․․ ասոնք բոլորը անցան հայերէնին ''վրայէն"՝ առանց նշանակալի հետք մը ձգելու լեզուի ուսուցման մէջ՝ դպրոցներէն ներս թէ անոցնմէ դուրս։ Իմ կարծիքովս՝ գրեթէ նոյնը պատահեցաւ ու կը շարունակէ կատարուիլ նաեւ համացանցին ու համացանցային եւ մոպայլ գործիքներուն յարաբերաբար, այն պարագային, երբ արդէն ընթացք առած է թուային երկրորդ յեղափոխութիւնը՝ արուեստական բանականութեան օր օրի բուռն ծաղկումին տեսքով՝ բոլորիս աչքին առջեւ։ Ինչ ընել։ Կը կարծեմ, որ հայկական կրթութեան հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն համար դժուար չէ պատասխանել այս հարցումին՝ պայմանով, որ անիկա հարցուի, ու պատասխաններ գտնելու համար կատարուին քայլեր, որոնք սովորաբար կւ ձեռնարկուին որեւէ խնդրի քննարկման ատեն՝ անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ»: