image

Սպասելով «փրկիչ»-ին

Սպասելով «փրկիչ»-ին

  1915-ի Հայոց եղեռնէն ետք Վահան Թէքէեան գեղակերտ բանաստեղծութիւն մը ստորագրեց, որուն միտք բանին մէկ բան էր ՝  «ինչ ընել ապրելու համար»։

         Ի վերջոյ, ինչ պէտք է ընէին անոնք, որոնք բռնագաղթուեցան, լքեցին ամէն ինչ, տուն-տեղ, արտ, եկեղեցի ու դպրոց եւ «մահուան տափաստաններ»-էն քալելով փրկուեցան ու հասան Հալէպ, Ճարապլուս, Արաբունար եւ Աֆրին։

         Ի դէպ այդ «փրկութեան ճանապարհ»-ը, որուն ակնարկեցի, մինչեւ հիմա ալ կը շարունակէ մնալ տարերային ուսումնասիրութեան բնաբան:

         Մարդիկ գիրքեր կը գրեն այդ մասին, օրագրութիւն կ՚ուսումնասիրեն, յուշեր կը կարդան, համեմատականներ կ՚ընեն եւ նոյնիսկ քարտէզներ իրար քով կը բերեն՝ հասկնալու համար, թէ Մարաշցի  Տէր Ղեւոնդ քահանայի  հատորին մէջ նշուած տողերը որքանո՛վ  կարողացած են   ճշգրիտ պատկերը տալ, անոր   ապրած   տառապանքներուն կամ թէ  Կարսէն Արարատեան դաշտ հասած Գազանճեաններու ընտանիքի պատմութեան մէջ եղած տուեալները ինչպիսի՛ անկեղծութեամբ ներկայացուցած էին հանրութեան։

         Խաչելութեան մը ճանապարհն էր Եղեռնի սեւահող ճամբան։

         Ու այդ սեւ ու ամայի ճանապարհներէն անցած, բայց չմեռած մեր նախնիները, իրապէս հերոսներ էին։

         Այլ խօսք, որ Մեծ եղեռնի ընդհանուր պատկերին մէջ մերոնք որքանով մեղաւոր էին իրենց համակերպուածութեան համար, սակայն աւելի քան յստակ էր, որ մահուան գաղափարը իրենց ետին թողած այս մարդիկը ամէնէն աւելի վազեցին կեանքին համար։ա

         Այդ ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը մեզի հասած ու մեր մէջ հասունցած  մեծագոյն դասը՝ հաւանաբար չմեռնելու ու կեանքը պաշտելու չափ կամք ունենալու դասն էր։

         Անցեալի թերթերը, այդ թերթերէն հաւաքուած նոթերը, անցեալով մեզ ապրեցնող բոլոր տեսակի յոյզերը անշուշտ նոր պատկեր ստացան Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք, եւ մինչ այդ հայութեան համար հաւաքական պահանջ, կամ հաւաքական գաղափար հանդիսացող Արեւմտահայաստանի խնդիրը տեսակ մը մղուեցաւ երկրորդ հարթակ, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան փլատակներուն տակէն դուրս եկող եւ կամաց-կամաց ինքզինք գտնող Անկախ Հայաստանը ինքզինք դէմ հանդիման գտաւ բոլորովին նոր օրակարգի մը առջեւ, որուն ամէնէն էութենական դրոյթը անշուշտ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրն էր։

         Բաւական խճճուած տեսարանի մը մէջ ինքզինք վերակազմաւորած հայութիւնը, տարբեր մակարդակի զոհողութիւններով, կարողացաւ դուրս գալ համընդհանուր բեռան տակէն ու շնորհիւ հայանպաստ ամենատարբեր պայմաններու կարողացաւ «ետ տուն» բերել մինչ այդ ալ իր հայկականութիւնը պահպանել կրցած հերոսներու հող Արցախը։

         Իրադարձութիւնները այնքան արագ եւ տարերային դարձան, որ Արցախի մէջ գրանցուած յաղթանակը նոր էջ մը բացաւ հայութեան դարաւոր տոմարին մէջ եւ իրար մօտեցուց բոլոր մասնիկները։

         Այդ միացած կամքով հայութիւնը ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը,  եւ ուղենշային ընթացք մը տրուեցաւ ճանաչումէն դէպի հատուցում երթալու կարեւոր եւ հիմնարար փուլին։

         Անշուշտ վրիպում մը կարելի է համարել, որ հայութեան «ներքին խոհանոց»-ին մէջ կազմաւորուած օրակարգը,-- որուն համար կարեւոր աշխատանք տարած էր ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր վարչախումբին հետ,-- հաշուի չառաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող բաւական արմատական փոփոխութիւնները եւ հայութիւնը «հին ցաւ»-ին շուրջ միաւորելու գաղտնաբառը մէջտեղ դնելով՝ կարողացաւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիսանութիւնը դարձնել վաւերական միաւոր։

         Ի դէպ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը, այդ խնդրէն բխող ամենատարբեր վարկածները նոյնպէս առաջ քաշուած էին ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի օրօք ալ, սակայն այդ օրերու հայկական ընդհանուր կեցուածքը իրմէ առաջ եւ իրմէ ետք եղող ընդհանուր տեսակէտներէն կը տարբերէր իր «կարծրութեամբ», եւ այդ «պինդ» պատկերը անշուշտ արգասիքն էր պատերազմը յաղթական  աւարտած ըլլալու եւ Արցախեան հիմնահարցին վճռական աւարտ մը տալու մեծ երազանքին։

         Պատկերը անշուշտ նոյնը չէր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն, որովհետեւ Հայաստանի առաջին նախագահը տարբեր մօտեցում կը ցուցաբերէր Արցախի հարցի լուծման մէջ՝ հաւատալով մանաւանդ, որ այդ օրերը լաւագոյնն են, որպէսզի Արցախի հարցը վերջնական լուծում ստանայ։

         Ի տարբերութիւն միւս երկու նախագահներուն՝ Տէր Պետրոսեան,-- նախազգալով, որ իր առաջարկները դրական արձագանգ պիտի չունենան (5+2 շրջանները յանձնելու առընթեր) այդ օրերուն «մինչեւ Պաքու» «քալել» ուզող Հայաստանի լայն հասարակութեան մէջ,-- «խաղ»-էն կամացուկ մը կը քաշուէր՝ ճամբայ բանալով անոնց, որոնք ինչ-ինչ հնարքներ  առաջ տանելով կարողացան պահել Արցախի «երազային սթաթուսքուո»-ն։ 

         Երազային կ՚ըսեմ, որովհետեւ եթէ հաշուի առնենք Արցախի համար պայքար տանող երկու հակամարտող տէրութիւնները, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ այդ մրցավազքի իսկութեանը մէջ երկար շունչի վրայ Ատրպէյճան յաղթանակող կողմ պիտի ըլլար։

         Տնտեսական շրջափակման մէջ ապրող եւ տարբեր հանգամանքներու բերումով աճելու եւ հզօր պետութիւն դառնալ չկարենալու Հայաստանի վիճակը խրախուսիչ պատկերով մը պիտի չընթանար ոչ միայն ներքին խնդիրներուն բերումով, այլեւ  այն պատճառով, որ Հայաստանին համար շատ ծանր կը նստէին անոր աշխարհագրական դիրքը, բնական մեծ ներուժ չունենալու փաստը ու նաեւ շարք մը այլ հիմնաւորեալ տուեալներ, որոնց մասին խօսիլը  աւելի կրնայ ծանրացնել այս գիրը։

         Այս խորապատկերին դիմաց եւ առկայ ժամավաճառութիւնը որպէս «սթաթուս քուո» պահելու յանգերգի  մօտեցումով՝ ընդհանուր «սառցակոյտ»-ին մէջ անշուշտ անկարելի է հաշուի չառնել Սերժ Սարգսեանի՝ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն  ընելու փորձը, որ յայտնապէս տապալեցաւ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութեանց մօտեցումներուն հետեւանքով։

         Սարգսեան այդտեղ ցոյց կու տար մեծ կամք եւ «դէմ կը դնէր» նոյնիսկ սփիւռքի կարծր կեցուածքներուն՝ մոռնալով, սակայն, որ հակառակորդ Ատրպէյճանին հետ Արցախի հարցը վերջնականապէս լուծելու մօտեցումը շատ աւելի տանելի վիճակ մը կրնար ստեղծել՝ ոչ միայն Անգարայի հետ խօսելու, այլ նաեւ սփիւռքի մեծամասնութեան, որուն համար շատ աւելի բարդ էր ականատես ըլլալ պաշտօնական Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ երկխօսութեան որեւէ փորձի՝ առանց Ցեղասպանութեան ճանաչման, կամ առնուազն այդ առումով համատեղ ճիգերով ընթացք առնելիք պայմանաւորեալ եւ «ճանապարհային քարտէզ»-ի մը առկայութեան:

         Այդ օրերուն եւս, Սարգսեան, պետական գործիչի մեծ յանձնառութեան մը տակ մտնելով, պատրաստ էր ամբողջ սփիւռքին վրայ «մեծ իքս» մը քաշել՝ խօսելու համար Անգարայի հետ, անշուշտ միշտ մտքի ծայրին ունենալով Անգարայի պատուհանը «օգտագործել»՝ լուծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի անլոյծ մնացած հակամարտութիւնը եւ այդ լուծման կարեւոր բանալին ապահովելէ ետք միայն վերադառնալ «հայկական օրակարգ»-ին ։

         Այս բոլորը նշեցի՝ ներկայացնելու համար անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին ղարաբաղեան հարցի լուծման ապահովումը փորձել ջանացող Հայաստանի երեք նախագահներու ընդհանուր ճիգերը՝ առանց հաստատելու, որ ներկայացուածը ամբողջական պատկերն ըլլալու յաւակնութիւնն ունի։

         Հիմա այս մեծ պատկերը լաւապէս «մարսելէ» ետք  արդեօք ինչ որ տեղ ճիշդ է՞ կամ նոյնիսկ «տանելի՞» է, որ որեւէ  մէկը ,-- ինչ ժողովրդային նեցուկ ալ ունենայ ան,-- մէկդի դնէ այս բոլորը եւ նոր ակօս   մը բանալով՝ «զէրօ կէտէն» առաջ տանի բանակցային գործընթացը եւ ատոր կողքին ալ անտեսէ ահազանգային բնոյթ կրող զգուշացումները, որոնք առաւելապէս կը խօսին այն մասին, որ պատերազմի մը պարագային Հայաստան պիտի կռուի ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ եւ նոյնիսկ Իտլիպէն եկած վարձկաններուն դէմ։

         Այստեղ էականը միայն եղածէն դաս մը քաղելու դրոյթին մէջ չէ, այլ կան նաեւ բազմապիսի այլ դրուածքներ, որոնք անպայման մեզի համար պիտանի   են՝ այսօրուան Հայաստանը պահելու եւ  այս խորագոյն մղձաւանջէն դուրս գալու համար։

         1920-ականներուն Թէքէեան կը խօսէր հպարտութեան մասին. Հայաստանը նոր ելած էր վէրքէն, գեհէնէն անցած արեւմտահայութեան խլեակները հազիւ-հազ կը վերագտնէին իրենց ապրելու ուժը եւ բազում արիւնով անկախութիւն կերտած փոքրիկ Երեւանը իր հերոս զաւակներու կամքով նոր դարաշրջան կը բանար մահուան ու դժոխքի դռներուն առջեւ ինկած վիրաւոր հայութեան համար։

         Հայութիւնը միասնութեան խնդիր չունէր այդ օրերուն։ Թէքէեան բարձր դրած էր նշաձողը՝ քաջ իմանալով, որ բոլոր անոնք որ մահ ու կենաց կռիւ տարած են, հաւաքած են հին իտէալը քարածուխի կարմրութենէն շիկացած հնոցին մէջէն ու իրենց ձեռքերը վեր պարզելով կ՚ուզեն հասնիլ հպարտութեան գագաթներուն։

         Այսօր պատկերը այլ է, ու ցաւալիօրէն մեր վիրաւոր ժողովուրդը միաւորող եւ բոլորը ցաւէն, կորուստէն ու թախիծէն հանելու կարողութիւն ունեցող կերպարը կ’ուշանայ:

         Թերեւս  կայ, բայց կը յամենայ։

                                                                                                           Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...