image

Շրջաբերականի Ճանապարհը. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Շրջաբերականի Ճանապարհը. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Վստահ՝ անօթի պիտի չերթամ ժողովին։ Այս վայրկեանին Ժանոյին քով շատ խճողում է, անհնար է արագ սանտուիչ մը ապսպրել։ Ապու Յարութին տարբերակը աւելի խելքի պարկելիք է։ Ինքնաբերաբար կը քալեմ դէպի աջ կողմ․ Յակոբին՝ Արենայի խանութին կողքով, յետոյ Զարմիկը՝ Սեմի գրատունը։ Քալած ատենս կը մտածեմ բարեւել ու ըսել, որ շատ կարեւոր ժողով ունիմ, բայց այս արձակուելու պահուն ամէն մարդ իսկապէս շատ զբաղած է։ Ապու Յարութին քով կը մտնամ ու նոյն այդ աճապառելու ու զբաղածի հոգեբանութեամբ կ’ըսեմ․ «Ապու Յարութ, hաճիս, մէկ հատ իտալական ու մէկ հատ պանիր լոլիկով»։ Ու որպէսզի ցոյց տամ իմ աճապարանoք ըլլալս, մէկ անգամէն քովը կ’անցնիմ՝ սառնարանին ետեւ, դուռը կը բանամ ու ես ինծի RC քոլայի շիշ մը կ’առնեմ։ «ՕՖ» մը կը քաշեմ, որպէսզի Ապու Յարութը ինծի հարցնէ՝ «Ի՞նչ կայ»։ Վստահ՝ պիտի չըսեմ, որ ժողով ունիմ, բայց մէկ է՝ Ապու Յարութը պիտի չհարցնէ։

 

 

Ամառ է, երկրորդ զբoսանք, ընկերներով մեզի տրամադրուած քսան վայրկեանը կը վայելենք։ Յանկարծ ընկեր մը կը յայտնուի դիմացս, լուրջ դէմքով, ձեռքը ինչ-որ դասագիրք մը ։ Ծանր ձայնով կ’ըսէ․ «Ընկեր, կու գա՞ս մէկ հատ»։ Կը զգամ, որ լուրջ բան մը կայ, բայց նոյն ժպիտով ու թռվռալով կը մօտենամ: «Բարեւ, ինչպէ՞ս ես»։ Շատ լուրջ ձայնով կ’ըսէ. «Լաւ եմ», ու զգոյշ շարժումով կիսատ կը բանայ գիրքը՝ ցոյց տալով մէջը տեղաւորուած թուղթը։ Փսփսալու նման ձայնով կ’ըսէ՝ «Ժամը երեքին սրահ կ’ըլլաս։ Վարչութիւնը ժողովի հրաւիրած է»։ Իրար կ’անցնիմ ու ինքնաբերաբար ետեւ-ետեւի կը հարցնեմ․ «Ե՞ս, այսօ՞ր, ինչու՞»։ Ընկերը կտրուկ կը պատասխանէ՝ «Կ’երթաս, կը տեսնես»։ Ու նոյն ժամանակ շատ արագ գիրքը ինծի կը մօտեցնէ, որ թուղթը կարդամ ու ստորագրեմ։ Շատ արագ կը փորձեմ ինչ-որ բաներ հասկնալ։ Աչքս կ’անցնեմ անուններու վրայ, որ ծանoթ մէկը փնտռեմ, բայց ընկերոջ շարժումները զիս կը խանգարեն։ Արագ մը կը ստորագրեմ անունիս քով ու կը բարձրանամ դասարան։ Դեռ երկու պահ կայ։

Երկուքին քսան մնացած զանգը կը հնչէ։ Ոչ միութենական շուրջի ընկերներուս կը փորձեմ ձեւով մը հասկցնել, որ կարեւոր ժողով ունիմ ժամը երեքին, բայց նոյն ժամանակ չ’ըլլար բան մը ըսել․ գաղտնի է։ Ընդամէնը պէտք է ձեւացնեմ, որ շատ զբաղած եմ եւ շատ լուրջ գործ ունիմ քիչ վերջ։ Երկուքին քսան կայ, զանգը հազիւ հնչած, հաւաքուած, պայուսակս ուսիս, Ճեմարանի դռան դիմացն եմ։ Ամէն կողմէն աշակերտութիւնը փողոցները թափած է։

Վստահ՝ անօթի պիտի չերթամ ժողովին։ Այս վայրկեանին Ժանոյին քով շատ խճողում է, անհնար է արագ սանտուիչ մը ապսպրել։ Ապու Յարութին տարբերակը աւելի խելքի պարկելիք է։ Ինքնաբերաբար կը քալեմ դէպի աջ կողմ․ Յակոբին՝ Արենայի խանութին կողքով, յետոյ Զարմիկը՝ Սեմի գրատունը։ Քալած ատենս կը մտածեմ բարեւել ու ըսել, որ շատ կարեւոր ժողով ունիմ, բայց այս արձակուելու պահուն ամէն մարդ իսկապէս շատ զբաղած է։ Ապու Յարութին քով կը մտնամ ու նոյն այդ աճապառելու ու զբաղածի հոգեբանութեամբ կ’ըսեմ․ «Ապու Յարութ, hաճիս, մէկ հատ իտալական ու մէկ հատ պանիր լոլիկով»։ Ու որպէսզի ցոյց տամ իմ աճապարանoք ըլլալս, մէկ անգամէն քովը կ’անցնիմ՝ սառնարանին ետեւ, դուռը կը բանամ ու ես ինծի RC քոլայի շիշ մը կ’առնեմ։ «ՕՖ» մը կը քաշեմ, որպէսզի Ապու Յարութը ինծի հարցնէ՝ «Ի՞նչ կայ»։ Վստահ՝ պիտի չըսեմ, որ ժողով ունիմ, բայց մէկ է՝ Ապու Յարութը պիտի չհարցնէ։

«Տեսնես ի՞նչ ժողով է։ Ովքե՞ր կան։ Մի քանի ամսուայ ՍԵՄական եՆ, արդեօք․․» ․․․

․․․ «Սաղօ, պատրաստ են»: Ձեռքս կ’երկարեմ իտալականի սանտուիչին, քանի մը վայրկեան յետոյ՝ լոլիկով պանիրի սանտուիչը, երեսուն սուրիականը կը վճարեմ ու կշտացած դուրս կու գամ Ապու Յարութին խանութէն։ «Օգնութեան խաչ»ի փողոցը կ’ընտրեմ՝ քալելով շարունակելու ճամբան։ Աշակերտութեան հոսքը աննորմալ է։ Ամէն կողմէ աշակերտ կը վխտայ։ Մտքիս մէջ դեռ ժողովի հարցումներն են։ Ու նոյն ժամանակ ընտրութիուններու մէջ եմ։ Դալարին քովէն էքլեր կաթօ պոնճուսի՞ հետ, ոչ թէ Սեւանին քովէն պոշոքo (*) ։ Գրպանիս դրամը պոշոքոյի կողմնակից է, ու կարծես այդպէս պիտի ըլլայ։ Դալարին քովէն կ’անցնիմ ես զիս համոզելով, որ ոչ թէ գրպանիս կամքին պատճառով պիտի չուտեմ կաթո, այլ որովհետև ժողով ունիմ ու զբաղած եմ, չեմ հասցներ։ Կ’անցնեմ դէպի «Զուարթնոց»ի կողմը, խումբով տարբեր-տարբեր տղաք կեցած են ու զբաղած են «որսով»։ Դժուարիս կու գայ այս պատկերը, բայց հիմա զբաղած եմ, ժողով ունիմ՝ կարեւոր ժողով։ «Զուարթնոց»ի թաղը կ’անցնիմ, կը հասնիմ «Սեւան» խանութին մoտ, շատ արագ կ’ըսեմ` «Մէկ հատ պոշոքo», հինգ սուրիականը կը վճարեմ ու կը շարունակեմ ճամբաս։ Դիմացս «Չիքըն քորնըր» խանութն է՝ անկիւնի վրայ, քովը՝ «Ալամինիոմ Այվազեան», քիչ մը առջեւ՝ քաղցրաւենիք ծախող կառք մը, ու արդէն Սուլէյմանիէի մայր պողոտան եմ։ Ժամը երեքին քսան կայ, հանգիստ շունչ մը կը քաշեմ, որ ամէն ինչ նորմալ է, ու քանի մը վայրկեանէն կը հասնիմ «Արամ Մանուկեան» կեդրոն, ուր տեղի պիտի ունենայ իմ առաջին ստորագրած շրջաբերականով առաջին ժողովը։ Յետոյ կեանքիս մէջ անթիւ պիտի ըլլան այդ շրջաբերականները։ Անգամ ես ինքս պիտի շրջաբերականներ կազմեմ ու մարդիկ գաղտնի-գաղտնի ժողովներու հրաւիրեմ։ Այդ ժամանակ հրաշալի էր այդ գաղտնիութեան ու ժողով ընելու զգացումը։ Մեծ բան մը ընելու հոգեբանութիւնը։ Այսօր, երբ այդ բոլորը կը յիշեմ, երանի կու տամ այդ մանկական ու պարզամիտ հոգիի զգացումին։

* պոշոքոն զուտ հալէպական ստեղծագործութիւն է՝  շոքոլա-պաղպաղակ երկու կլոր պիսքուիթներու մէջ տեղաւորուած ու բոլորը շոքոլայի մէջ թաթխուած։ Ընդհանրապէս փաթթուած կ’ըլլայ ոսկեգոյն կամ արծաթագոյն ալիմինիում թուղթով։

 

Սաղաթէլ Պասիլ 

Նիւթը՝ «Տարբերակ 21»էն

Սաղաթէլ Պասիլ

Սաղաթէլ Պասիլ

Ծնած է 1977-ին, Խրուաթիոյ Զակրեպ քաղաքը։ Նախն...