Սաղաթէլ Պասիլի «Կեանք մը Հալէպի ճամբաներուն վրայ» հատորը պիտի ներկայացնէ՝ լրագրղ-մեկնաբան Սագօ Արեան։
Շաբաթ՝ 11 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը հինգին, Յառաջ կեդրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Սաղաթէլ Պասիլի «Կեանք մը Հալէպի ճամբաներուն վրայ» (հեղինակ՝ Սաղաթէլ Պասիլ, հովանաւոր՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն, սրբագրիչ՝ Մարալ Տիքբիկեան, վերանայող՝ Սօսի Միշոյեան, ձեւաւորող եւ էջադրող՝ Ռոստոմ Գույումճեան, «Զանգակ» հրատարակչատուն, Երեւան, 2024) գիրքին ներկայացումը:
Գիրքը եւ «Հայ Հալէպ» հարթակը պիտի ներկայացնէ Հուրի Փիլիպպոսեանը: Ներկայացման ընթացքին Սաղաթէլ Շուէտէն պիտի մասնակցի առցանց միացումով: Երեկոն պիտի ընթանայ գիրքէն ընթերցուած հատուածի մը շուրջ քննարկումներով եւ մասնակիցներու խօսքերով, որոնք կ'առնչուին գիրքին եւ ընդհանրապէս Հալէպին:
Սիրով կը սպասենք: