Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումն այլընտրանք չունի։ ՀՅԴ 35-րդ ընդհանուր ժողովի ժամանակ այս յայտարարութիւնն ըրած է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:
«Հայաստանի վերակառուցումը, հաշտեցումն ու նորոգումը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումն այլընտրանք չունի։ Սա է այն տեսլականը, որ մենք ունենք նոր որակի հայկական պետութեան կառուցման հարցում»,– ըսած է Սաղաթէլեանը։
Ան անգամ մը եւս վերահաստատած է ՀՅԴ–ի կոչը`առողջ ու ազգային ուժերը միաւորել ապազգային իշխանութիւնները հեռացնելու, հայ ժողովուրդին ու մեր պետականութեան սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու, նոր որակի ազգային պետութիւն ձեւաւորելու ու համահայկական կարողականութեամբ ուժեղ Հայաստան կառուցելու համար։
Ըստ Սաղաթէլեանի` հայրենիքի պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ մեր գլխաւոր ուղենիշը։
«Պայքար բոլոր ճակատներում ու ամէնուր, պայքար հայ ժողովրդի իրաւունքների վերականգնման համար․ սա է այն առաջարկը, որ ՀՅԴ-ն կարող է ներկայացնել իր ժողովրդին, պայքար, որի մէջ պէտք է լինենք ե՛ւ կազմակերպիչը, ե՛ւ զինուորը, ե՛ւ առաջամարտիկը, քանզի հայրենիքի ու Դաշնակցութեան ճակատագիրը միահիւսուած է»,-ըսած է ան։
Սաղաթէլեան նշած է, որ այս ամէնուն զուգահեռ մեծ թափ կը հաւաքէ «հակադաշնակցութեան» ալիքը, որ վերածուած է ազգային գաղափարախօսութեան դէմ խոր պայքարի։ Ան յիշեցուցած է` ՀՅԴ - ն ոչ միայն կուսակցութիւն է, այլեւ համաշխարհային ցանց, դիմադրութեան համակարգ, ՀՅԴ–ն բոլոր ազգային, պետականամէտ ուժերու ու անհատներու բարեկամն ու վահանն է։