image

Շէյխ Թամամ Պըն Համատը կոչ կ'ուղղէ խաղաղեցնելու լարուածութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ

Շէյխ Թամամ Պըն Համատը կոչ կ'ուղղէ խաղաղեցնելու լարուածութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ

Քաթարի իշխան՝ Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Թամամ Պըն Համատ երկրորդը, երէկ հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանին հետ, որու ընթացքին անոնք քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններուն միջեւ առկայ լարուածութիւնը: Այդ կապակցութեամբ, Նորին Վսեմութիւնը կոչ ուղղած է խաղաղեցնել իրավիճակը եւ աշխատիլ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ վէճերը կարգաւորել երկխօսութեան եւ դիւանագիտական միջոցներով, այնպէս՝ որ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն շահերը պահպանուին: