image

Սէուտցիք «վտանգաւոր» տեղեկութիւններ ունին Պայտընի մասին. Իսրայէլեան մամուլ

Սէուտցիք «վտանգաւոր» տեղեկութիւններ ունին Պայտընի մասին. Իսրայէլեան մամուլ

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները տեղեկութիւններ հրապարակած են սէուտեան բարձրաստիճան աղբիւրներու մասին, որոնք կը բացատրեն «Ծոցի երկիրներու դժգոհութիւնը ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմէն» եւ կը նշեն, որ «լուծումը Պայտընի վարչակարգի շրջանի աւարտին սպասելն է»:

Իսրայէլեան «Քան» հեռուստաալիքի արաբական հարցերով մեկնաբան Ռոյի Քէյս «Սաուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան աղբիւրներուն կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին դէմ յայտարարուած վտանգաւոր տեղեկատուութեան» մասին հարցին պատասխանած է՝ ըսելով, որ «Պայտընի վարչակազմին եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ճգնաժամը կը շարունակուի, եւ այս ճգնաժամը սրած է Ռուսաստանի՝ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութեան լոյսին տակ»: 

Իսրայէլցի մեկնաբանը յաւելած է. «Ամերիկեան կողմե կ'ակնկալուի, որ սէուտցիները, չնայած երկու կողմերուն միջեւ վէճին, արձագանգեն նաւթի արդիւնահանումը աւելցնելու խնդրանքին` ուժանիւթի շուկային մէջ գիներու աճը զսպելու համար, սակայն սէուտցիները այդ չեն ցանկանար»:

Ան շարունակած է. « Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքի բարձրաստիճան աղբիւրները խստօրէն յարձակեցան Պայտընի վարչակազմին վրայ եւ ըսին, որ կարծես գործնականօրէն լուծում չկայ երկու կողմերու միջեւ վստահութեան ճգնաժամին, եւ աւելցուցին, որ միակ լուծումը սպասելն է մինչեւ Պայտընի վարչակարգի շրջանին աւարտը, ոչ պակաս, ոչ աւելի»:

Ան յաւելեց` բացատրելով, որ «ինչ կը վերաբերի նաւթի արդիւնահանումը աւելցնելու վերաբերեալ Սէուտական Արաբիոյ ամերիկեան խնդրանքին, Ռիատի աղբիւրները ըսին, թէ ինչպէս Պայտընի վարչակազմը կրնայ դուրս գալ մեր դէմ Եմէնի մէջ, հանել ¬Յեղափոխութեան պահապանները ահաբեկչութեան ցուցակէն եւ դադրեցնել վաճառքը, հետեւաբար ակնկալել, որ մենք կատարենք իւրաքանչիւր խնդրանք, այդպէս չ'ընթանար»:

Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն՝ սէուտեան աղբիւրները հաստատած են, որ «հիասթափութիւնը ոչ միայն Ռիատի մէջ է, այլ՝ Ծոցի միւս երկիրներուն մէջ, տարածաշրջանին մէջ Պայտընի վարչակազմի գործողութիւններէն»։