image

ՍԴՀԿ Երեւանի Վարչութեան Ատենապետ, ԱՍԱԼԱ-ի Մարտիկ Վազգէն Սիսլեանի Կոչը

ՍԴՀԿ Երեւանի Վարչութեան Ատենապետ, ԱՍԱԼԱ-ի Մարտիկ Վազգէն Սիսլեանի Կոչը

Արցախէն Ղարաբաղա-ազրպէճանական հակամարտ գօտիի վրայ վերջին օրերուն ծաւալուող ռազմական լայնամասշտաբ ու աննախադէպ գործողութիւնները ոտքի հանած են ողջ հայութիւնը: Հայրենիքի պաշտպանութեան կանչին ոտքի ելլած են նաեւ Արցախեան ազատամարտի մեր քաջարի հայորդիները՝ այսօր արդէն ալեհեր մեր «ծերունիները», առաջնագիծի վրայ իրենց զաւակներու ու թոռներու կողքին կանգնելու` Արցախի մէջ 1990-ականներուն կիսատ մնացած իրենց գործն աւարտելու ոգեւորուածութեամբ: Ահա, ուր որ է Մարտակերտի բարձրունքներ կը հասնի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան հերթական խումբը, անոնց շարքերուն է նաեւ կուսակցութեան անդամ, Արցախեան պատերազմի մասնակից, ԱՍԱԼԱ-ի նախկին քաղբանտարկեալ, լիբանանեան պատերազմի բովով անցած, Արցախի մէջ իր ռազմական գիտելիքներն ու հարուստ փորձը ցոյց տուած Վազգէն Սիսլեանը, որ կոչով կը դիմէ իր ըներներուն: