Աւստրալիոյ մէջ մահացած է աշխարհի ամենաարդիւնաւէտ արեան նուիրտուներէն մէկը՝ Ճէյմս Հարրիսընը: Անոր արեան փլազման փրկած է 2,4 միլիոն նորածինի կեանք, քանի որ այն կը պարունակէր հազուագիւտ իմունոկոլոպուլին (հակամարմին) (anti-D), որ կ՚օգտագործուի յատուկ շիճուկ ստեղծելու համար։ Այն կը ներարկուի բացասական Rh գործօնով յղի կանանց՝ մօր եւ երեխայի միջեւ Rh անհամատեղելիութիւնը կանխելու համար:
Ինչպէս գրած է BBC-ն, Հարրիսընն 88 տարեկան էր: Ան մահացած է Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի ծերանոցներէն մէկուն մէջ: Աւստրալական Կարմիր խաչի արեան ծառայութիւնը Հարրիսընի մահախօսականին մէջ գրած է, որ ան որոշած էր նուիրատու դառնալ 14 տարեկանին՝ կրծքավանդակի մեծ վիրահատութեան ժամանակ արեան փոխներարկում ստանալէ ետք: Հարրիսընը սկսած է փլազմա նուիրաբերել 18 տարեկանէն եւ շարունակած է այդ ընել երկու շաբաթը մէկ՝ մինչեւ 81 տարեկանը: 2005 թուականին ան սահմանած է ամենաշատ նուիրաբերուած փլազմայի համաշխարհային մրցանիշը:
Հարրիսընի դուստրը՝ Թրէյսի Մելոշիփը, պատմած է, որ հայրը շատ հպարտ էր, որ փրկած է այդքան շատ կեանքեր:
Հակառեզուսի իմունոկոլոպուլինի (հակամարմինի) շիճուկի ներարկումները (յայտնի է նաեւ որպէս anti-D) կը կանխեն պտուղի եւ նորածինի հեմոլիթիք հիւանդութեան զարգացումը: Այն կ՚առաջանայ մօր եւ չծնած երեխայի արեան միջեւ անհամատեղելիութեան պատճառով, երբ մայրն ունի բացասական Rh գործօն, իսկ երեխան՝ դրական Rh գործօն: Յղի կնոջ իմունային համակարգը սաղմի արեան բաղադրիչները կ՚ընկալէ որպէս օտար մարմին եւ կ՚արտադրէ հակամարմիններ, որոնք կը յարձակէին սաղմի վրայ: Սա կրնայ լրջօրէն վնասել երեխայի առողջութեան՝ առաջացնելով ծանր սակաւարիւնութիւն, սիրտի անբաւարարութիւն եւ նոյնիսկ մահ։
Մինչ գիտնականները կը ստեղծէին այս դեղամիջոցը 1960-ականներու կէսերուն, հեմոլիթիք (արեան հիւանդութիւններու խումբ) հիւանդութիւն ունեցող իւրաքանչիւր երկրորդ երեխան կը մահանար:
Առայժմ յայտնի չէ, թէ ինչու Հարրիսընի արիւնն այդքան հագեցած էր այս հակամարմիններով։ Որոշ հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ այդ կրնայ կապուած ըլլալ դեռահաս տարիքին արեան փոխներարկման հետ:
Ըստ մասնագէտներու՝ ներկայիս Հարրիսընի պէս կանոնաւոր նուիրատուներու խիստ պահանջ կայ: