Սուրիոյ անցումային ժամանակաշրջանի նախագահ Ահմետ Շարաա ըսած է, որ երկրի արեւմուտքին մէջ խաղաղ բնակիչներու ջարդերու մեղաւորները պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուին՝ անկախ անոնց կարգավիճակէն ու լիազօրութիւններէն։
«Այսօր, երբ մենք կ՚ապրինք այս ճգնաժամային պահը, կանգնած ենք նոր վտանգի առաջ: Նախկին վարչակարգէն մնացած մարդիկ եւ անոնց օտարերկրեայ համախոհները կը փորձեն նոր տարաձայնութիւններ հրահրել ու մեր երկիրը ներքաշել քաղաքացիական պատերազմի մէջ։ Անոնց նպատակն է պառակտել մեզ, ոչնչացնել մեր միասնութիւնն ու կայունութիւնը։ Մենք կը հաստատենք, որ խստօրէն եւ առանց որեւէ ներողամտութեան պատասխանատւութեան պիտի ենթարկենք բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած են քաղաքացիական արիւնահեղութեան կամ մեր ժողովուրդին վնաս պատճառելու մէջ, մարդոց, որոնք գերազանցած են պետութեան լիազօրութիւնները կամ օգտագործած իշխանութիւնը անձնական շահի համար»։
Շարաայի խօսքով՝ «ոչ ոք օրէնքէն վեր չ, ուստի ամէն ոք, որու ձեռքերը թաթախուած են սուրիացիներու արեան մէջ, վաղ թէ ուշ պիտի կանգնին դատարանի առաջ»:
Միաժամանակ ան խոստացած է գտնել ու չէզոքացնել ուժերը, որոնք հաւատարիմ կը մնան Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատին։