Լիբանանի հայկական միջավայրը, եւ առաւելապէս ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի տխուր կորուստ մը ունեցաւ Զաւէն Գասապեանի մահով։
Բօթը ստացանք Պէյրութէն, որ բոլոր պայմաններու տակ եւ մինչեւ իր կեանքի աւարտը կար ու մնաց Զաւէն Գասապեանի սիրելի ամրոցն ու տունը, բառի վաւերական իմաստով։
Սերունդներու փոփոխութեան հետ մէկտեղ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ զգալի սկսած է դառնալ սփիւռքի միութենական կեանքին մէջ իրենց հետքն ու ստորագրութիւնը թողած անուններու մեծ բացակայութիւնը, որոնցմէ մին էր նաեւ հանգուցեալ Զաւէն Գասապեանը։
Կիսելով, իր շրջանակի, հարազատներու եւ ընտանեկան պարագաներու խոր վիշտը, ստորեւ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն հետ կը կիսէ հանգուցեալի հակիրճ կենսագրականը։
Ծնած է 1941-ին, Պուրճ Համուտ, Յակոբ եւ վերոնիքա Գասապեաններու համեստ ընտանեկան յարկին տակ: 9 զաւակներու տէր ատանացի այս բազմանդամ ընտանիքի զաւակ Զաւէն իր նախնական ուսումը ստացած է Մեսրոպեան վարժարանէն ներս, ապա Սէն Կրէկուարի մէջ ուր ստացած է ֆրանսական թեքումով բարձրագոյն ուսում։ Պատանի տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին, նախ համալրելով անոր Պուրճ Համուտի, ապա՝ Պէյրութի ներկայացուցչական խումբերը, իր աւագ եղբօր՝ Աբոյին հետ: Աւելի ուշ ան հրաւիրուած է Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական: Մարզական իր այս նուաճումներով ան վաստակած է «երկաթէ մարդ» կոչումը:
ՀՄԸՄ-ը անոր արեան մէջ էր ոչ միայն իբրեւ մարզական միութիւն, այլ՝ «Բարձրացիր Բարձրացուր»ի ամբողջական հասկացողութիւն: Ան անդամ էր այն վարչութեան, որ Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադրութեան կազմակերպական աշխատանքները յաջողցնելով, 1970-ին ընթացք տուաւ Անթիլիասի մասնաճիւղի գործունէութեան: Իր երկար տարիներու ծառայութեամբ, ան արժանացած է ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանին:
Կ'ամուսնանայ Վրէժուհի Ճուլֆայեանի հետ եւ կը բախտաւորուին հինգ զաւակներով եւ աւելի ուշ՝ վեց թոռներով: Երիտասարդ Զաւէն արդէն արհեստով Զինկոկրաֆ-տպագրիչ, կը հիմնէ իր տպագրական հաստատութիւնը եւ նախանձախնդիր կ'ըլլայ հայալեզու տարբեր տեսակի բազմաթիւ հրատարակութիւններու իրականացման:
Աւանդապաշտ Զաւէն իբրեւ հայր եւ մեծ հայր յաւուր պատշաճի ապահոված է իր զաւակներուն հայաշունչ դաստիարակութիւն, միշտ նեցուկ կանգնելով եւ քաջալերելով անոնց անդամակցութիւնը հայկական միութենական կեանքին: Անոր ամէնօրեայ մտահոգութիւնն էին Հայաստանն ու հայութիւնը յուզող հարցերը:
Ճշմարիտ եւ ազատ խօսքի մարդ էր ան, ինչքան ալ այդ ճշմարտութիւնը ցաւցնող ըլլար: Չէր կրնար ընդունիլ անարդարութիւնը, եւ կողմնակից էր բացարձակ արդարութեան, անզիջող էր անոր հանդէպ եւ միշտ կ'ուզէր ճի՛շդը, կատարեա՛լը եւ արդարը:
Ահա այս ժառանգութիւնը թողնելով իր ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամին, Զաւէն Գասապեան առանց տրտնջանքի, առանց մէկու մը հանդէպ անարդար ըլլալու, կը բաժնուի մեզմէ: Կեանքին վերջին քանի մը օրերը իրեն այցելած հիւանդութեան հետ բուռն կռուի մէջ էր, երբ անոր յաղթելէ ետք ան կ'անցնի ապաքինման հանգրուանի մը, եւ սրտի կաթուածը անակնկալօրէն կը հարուածէ անոր մարմինը, որուն պատճառով ալ կը փակէ իր աչքերը։
Զաւէն Գասապեանի մահով անունն մը եւս կը պակսի Լիբանանի ՀՄԸՄ-ին ոսկեայ էջեր բերած ողջ սերունդի մը մատեանէն։
Հոգիին լոյս եւ հարազատներուն ալ մխիթարութիւն կը մաղթենք։
Այս առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ յատկապէս անոր անդրանիկ որդւոյն, Տիար Սագօ Գասապեանին։