Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնի նախօրեակին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, գլխաւորութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեանի, որպէս յարգանքի եւ սիրոյ արտայայտութիւն այցելելած են Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս եւ յատկապէս Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցող երէց քահանայ հայր Արժ. Տ. Համազասպ Ա. Քհնյ. Շաքարեանին՝ իր ծննդեան 100-ամեակին առիթով, կը տեղեկանանք թաղական խորհուրդէն։
Թաղական Խորհուրդը, մայր եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով՝ քաջառողջութիւն, ուժ եւ կորով մաղթած է արժանապատիւ քահանայ հօր։
Անցնող օրերուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ Հալէպի հոգեւորականաց դասը նոյնպէս այցելած էին թեմի երէց Քահանայ Արժ. Տ. Համազասպ Ա. Քհնյ. Շաքարեանին, իր բնակարանէն ներս, ուր ուրախ տրամադրութեամբ նշած են վաստակաշատ քահանայ հօր ծննդեան 100-րդ տարեդարձը: