Վերջերս, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան այցելած է Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոնը եւ շնորհաւորած միութեան գնած նոր կառոյցը, ինչպէս նաեւ այդ նպատակին համար նիւթաբարոյական աջակցութիւն չզլացած բարերարները։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Շաբաթ, 4 Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի՝ այցելեց Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոնը, շնորհաւորեց միութեան գնած նոր կառոյցը եւ այդ նպատակին համար նիւթաբարոյական աջակցութիւն չզլացած բարերարները՝ նշելով, որ հայ կեանքի յառաջդիմութեան կարեւոր ազդակներէն մէկն է ազգային մշակոյթի պահպանումը, տարածումը եւ նոր ու ժամանակակից ոգիով եւ յաջորդական սերունդներու ճիգերով յարատեւութիւնը:
Այս առիթով, ան նաեւ բարձր գնահատեց հրաւիրեալ բարերարները եւ նուիրատուները ու յատկապէս իշխանական նուիրատուութիւն կատարող կեդրոնի գլխաւոր բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Արիս եւ Անժելա Սթամպոլեանները, որոնց անունով կը կոչուի Համազգայինի անդրանիկ նոր կեդրոնը:
Սրբազանը գնահատեց Համազգայինի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամները՝ իրենց միութենական ծառայութեան եւ հայկական արժէքներու նկատմամբ ցուցաբերած նուիրուածութեան համար՝ դիտել տալով, որ ամերիկեան այս ափերուն, Համազգայինը կարեւոր դեր կը կատարէ՝ յատկապէս արեւմտահայութեան հոգեկերտուածքին հարազատ արեւմտահայերէնին ու մշակոյթին պահպանման եւ զարգացման շատ կարեւոր գործին մէջ:
Հուսկ, սրբազանը իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց Շրջանային վարչութեան ներկայի թէ նախկին անդամներուն եւ հրաւիրեալներուն, որոնք տասնամեակներէ ի վեր իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ՝ սատար կը հանդիսանան շրջանին մէջ Համազգայինի մշակութային գործունէութեան անարգել ծաւալումին եւ բարգաւաճումին:
Յիշեցնենք, որ Ազգային առաջնորդարանը Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոն գնելու նպատակին համար, յատկապէս վերջին երկու տարիներուն ընթացքին կատարած է նկատառելի նուիրատուութիւններ: