image

Google արգելափակած է 2024-ին ատրպէյճանական քարոզչութիւն տարածող աւելի քան 14 հազար եութուպեան ալիք. Hetq.am

Google արգելափակած է 2024-ին ատրպէյճանական քարոզչութիւն տարածող աւելի քան 14 հազար եութուպեան ալիք. Hetq.am

Google-ը 2021-2024 թուականներուն աւելի քան 16 հազար ատրպէյճանական ալիք արգելափակած է YouTube-ի վրայ, որոնցով Հայաստանը քննադատող ու ատրպէյճանական կառավարութիւն փառաբանող բովանդակութիւն տարածուած է։ Ընդ որում՝ այս ծաւալի շուրջ 87%-ը յայտնաբերուած եւ արգելափակուած է 2024 թուականին։ Այս մասին նշուած է ընկերութեան Սպառնալիքներու վերլուծութեան խումբի (Threat Analysis Group) տեղեկագրերուն մէջ։ Գրած է Հետքը:

Ատրպէյճանի հետ կապուող գործողութիւններու հետաքննութեան մասին այս տեղեկագրերուն մէջ առաջին անգամ նշուած է 2021-ի երկրորդ քառորդին։ 2021 թուականի յունիսին ատրպէյճաներէնով եւ հայերէնով ատրպէյճանական բանակին աջակցող բովանդակութիւն տարածող 33 ալիք արգելափակուած էր։ Սպառնալիքներու վերլուծութեան խումբը նշած էր, որ իրենց յայտնաբերած օրինակները նման են Facebook-ի բացայայտումներուն։ 

2020 թուականի հոկտեմբերին Facebook ընկերութիւնը (2021-էն` Meta) կեղծ օգտահաշիւներով քարոզչութիւն տարածող ցանց բացայայտուած էր Ատրպէյճանի մէջ։ Հրապարակումները հիմնական ատրպէյճաներէնով էին, ինչպէս նաեւ ռուսերէն եւ անգլերէն։ Մեկնաբանութիւնները յաճախ կ՚անդրադառնային տեղական եւ տարածաշրջանային նորութիւններուն ու իրադարձութիւններուն, քաղաքականութեան, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան։ Տարածուող բովանդակութեամբ կը գովերգուէին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու իշխող «Ենի Ատրպէյճան» («Նոր Ատրպէյճն») կուսակցութիւնը, դաւաճանութեան համար կը մեղադրուէին ընդդիմադիր գործիչները, կը հերքուէին Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու մեղադրանքները։

Այս բացայայտումէն ետք Google-ը եւս սկսած է անդրադառնալ Ատրպէյճանի հետ կապուող քարոզչական գործողութիւններուն։ 2021-ին եութուպեան 33 ալիք փակելէ ետք հետաքննութեան մաշտապներն ընդլայնուած են՝ յաջորդ տարի դառնալով 516։ Սա, սակայն, միայն սկիզբն էր․ նախորդ տարի՝ 2024-ին,  Սպառնալիքներու վերլուծութեան խումբի խոշորացոյցի տակ յայտնուելէ ետք Ատրպէյճանի հետ կապուող աւելի քան 14 հազար եութուպեան ալիք արգելափակուած է, որ այս հետաքննութեան շրջածիրէն ներս արգելափակուած ալիքներու ծաւալի 87%-ն է։